By Asbarez | Saturday, 02 September 2017
ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Սեպտեմբեր 1ին տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է. <<Եթէ արեւմտեան երկիրները հետեւէին ԵԱՀԿի հռչակագիրներուն, ապա Ղարաբաղի, Քոսովոյի, Ուքրանիոյ եւ Մերձտնեսթրի հակամարտութիւնները վաղուց կարգաւորուած կ՛ըլլային>>։
Ըստ անոր՝ Ռուսիա հակուած է պահպանելու վերջին 20 տարիներուն ԵԱՀԿի եւ Ռուսիա-ՆԱԹՕ խորհուրդին կողմէ վաւերացուած հռչակագիրները. <<Կը փափաքինք ապահով տարածք պահպանել եւրատլանտեան եւ եւրասիական շրջանին մէջ։ Ո՛չ ոք պիտի կրնայ ամրապնդել իր ապահովութիւնը՝ ոտնահարելով միւսներունը>>, ըսած է Լաւրով:
<<Դժբախտաբար, այդ հռչակագիրները մնացին թուղթի վրայ՝ իբրեւ քաղաքական խոստումներ: Անոնք պարտադիր դարձնելու մեր փորձերը մերժուեցան արեւմտեան երկիրներու կողմէ>>, եզրակացուցած է ան։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ