Թուրքիա կը պատրաստուի խորացնելու ցեղասպանութեան ուրացման արշաւը

By Asbarez | Saturday, 02 September 2017

0902ottoman

ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> - Թուրքիոյ մէջ Նոյեմբերին տեղի պիտի ունենայ <<Օսմանեան արխիւներու միջազգային 2րդ համաժողով>>ը, որուն ընթացքին ի միջի այլոց պիտի քննարկուի նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը:

Յատկանշական է, որ համաժողովին բացումը պիտի կատարէ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան, ինչ որ Ցեղասպանութեան ուրացման արշաւը աւելի՛ եւս խորացնելու նպատակ կը յուշէ։

Ըստ պաշտօնական յայտարարութեան՝ համաժողովին պիտի մասնակցին <<մտաւորականներ, պատմաբաններ, արխիիւագէտներ>>, որոնք <<հիմնուելով պաշտօնական փաստաթուղթերու եւ Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանէն արխիւային նիւթերու վրայ՝ պիտի քննարկեն պատմական փաստերը>>:

Շարք մը այլ նիւթերու կողքին պիտի կայանան նաեւ <<Օսմանեան կայսրութեան մէջ արտագաղթը եւ բռնի արտագաղթը>> եւ <<Լօզանի ու նեղուցներու հարցը>> խորագրեալ քննարկումները:

 



comments