By Asbarez | Sunday, 03 September 2017
ԵՐԵՒԱՆ, <<Հետքթ>> - Վարչապետ Կարէն Կարապետեան Ուրբաթ, 1 Սեպտեմբերին ընդունեց <<Մայքրոսոֆթ>> ընկերութեան ԱՊՀ տարածաշրջանի ներկայացուցչութեան նախագահ Ռանըլտ Պինքովսքիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի թուային օրակարգի ձեւաւորման ուղղութեամբ Հայաստանի կառավարութեան եւ <<Մայքրոսոֆթ>>ի միջեւ համագործակցութեան առնչուող հարցեր:
Կարէն Կարապետեան յայտնեց, որ կառավարութեան օրակարգին վրայ է Թուային ռազմավարութեան մշակումը, պետական կառավարման եւ տեղական ինքնակառավարման թուային համակարգի զարգացումը, ելեկտրոնային եղանակով մատուցուող ծառայութիւններու կտրուկ աւելացումը, պետական կառավարման ելեկտրոնային համակարգի մշակումը եւ այլ հարցեր: Վարչապետը աւելցուց, որ այդ ծրագիրներու իրականացման նպատակով հիմնուած է <<Թուային Հայաստան>> հիմնադրամը, եւ կառավարութիւնը պատրաստ է նշուած ուղղութիւններով յառաջ շարժելու՝ <<Մայքրոսոֆթ>>ի հետ փոխգործակցութեամբ:
Ռանըլտ Պինքովսքի, իր հերթին, ընդգծեց <<Մայքրոսոֆթ>>ի պատրաստակամութիւնը՝ աջակցելու Հայաստանին թուային օրակարգի իրականացման եւ աւելցուց, որ այդ նպատակով արդիւնաւէտ քննարկումներ ունեցած են տարբեր գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչներու հետ:
Ըստ <<Մայքրոսոֆթ>> ընկերութեան ԱՊՀ տարածաշրջանի ներկայացուցչութեան նախագահին՝ այս բնագաւառէն ներս իրենք ունին հարուստ փորձառութիւն եւ անհրաժեշտ կարողութիւններ, զորս կրնան ուղղել Հայաստանի թուային օրակարգի կեանքի կոչման:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ