Անգարա Կը Քննադատէ Թուրքիան Եւրոմիութեան Կազմէն Դուրս Պահելու Մերքելի Յայտարարութիւնը

By Asbarez | Wednesday, 06 September 2017

ԱՆԳԱՐԱ, ՊԵՐԼԻՆ, «Ռոյթըրզ».- Սեպտեմբեր 24ին կայանալիք Գերմանիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններուն իր գլխաւոր մրցակից Մարթին Շուլցի հետ պատկերասփռուած բանավէճին ընթացքին, վարչապետ Անկելա Մերքել յայտարարած է, որ Թուրքիան Եւրոմիութեան անդամ չի՛ կրնար ըլլալ։ Ան նշած է, որ Պերլին թէեւ չի կրնար միակողմանի կերպով ընդհատել Թուրքիոյ եւ Եւրոմիութեան միջեւ անդամակցութեան բանակցութիւնները, սակայն մտադիր է խստացնել այդ երկրին նկատմամբ տնտեսական միջոցառումները՝ ի պատասխան Գերմանիոյ քաղաքացիներու ձերբակալութեան:

Մերքել նախապէս դատապարտած էր արդէն Թուրքիոյ մէջ անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած Գերմանիոյ երկու քաղաքացիներու ձերբակալութիւնը՝ յայտարարելով, որ այդ արարքը կրնայ պատճառ ըլլալ Պերլինի եւ Անգարայի յարաբերութիւններու վերատեսութեան:

Իր կարգին, Ընկերվար ժողովրդավար կուսակցութեան ղեկավար Շուլց յայտարարած է, որ եթէ ինք ընտրութիւններուն յաղթէ, պիտի փորձէ կասեցնել Թուրքիոյ՝ Եւրոպական միութեան անդամակցութեան շուրջ բանակցութիւնները:

Նշենք, որ ներկայիս Թուրքիոյ մէջ կալանաւորուած են Գերմանիոյ մօտաւորապէս 55 քաղաքացիներ, որոնցմէ 12ը՝ քաղաքական տեսակէտներու պատճառով: Օգոստոս 31ին, Անթալիոյ մէջ ձերբակալուած 2 գերմանացիներէն մէկը, աւելի ուշ՝ Սեպտեմբեր 4ին ազատ արձակուեցաւ:

Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն իր կարգին յայտնեց, որ Գերմանիա եւ Եւրոմիութիւն, իրենց «հրատապ հարցերը անտեսելով»՝ իրենց ուշադրութիւնը Թուրքիոյ եւ անոր նախագահին վրայ կեդրոնացուցած են:

«Գերմանիան, որ իր գիրկը կ՛ընդունի ահաբեկչական կազմակերպութիւնները, չի՞ գիտակցիր, որ ինք ահաբեկիչներ ու յեղաշրջում կատարողներ կը պաշտպանէ, այլ ոչ թէ ժողովրդավարութիւնը», հարց տուաւ Քալըն, ապա նշեց. «Գերմանիա ամբոխավարութեան եւ խտրականութեան ենթակայ դառնալով՝ միայն կը հրահրէ խտրականութիւնն ու ցեղապաշտութիւնը»:

Իր կարգին, Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Զիկմար Կապրիէլ ըսաւ. «Թուրքիա ինքզինք մեծապէս կը հեռացնէ Եւրոպայէն: Էրտողան, ներքին քաղաքական բախումները ծածկելու նպատակով՝ դո՛ւրսը թշնամի կը փնտռէ: Զոր օրինակ, մենք՝ եւրոպացիներս եւ մասնաւորաբար գերմանացիներս, ա՛յդ թշնամին ենք իրեն համար»:

comments