Եւրոխորհրդարանը պիտի քննէ Ալիեւներու մասնակցութեամբ կաշառակերութեան գայթակղութիւնը

By Asbarez | Saturday, 09 September 2017


0909EP Azr

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Եւրոխորհրդարանը մօտիկ ապագային պիտի պատրաստէ <<Կաշառակերութիւնը եւ մարդկային իրաւունքները՝ երրորդ երկիրներու մէջ>> փաստաթուղթին նոր տարբերակը, որուն մէջ պիտի քննարկուի նաեւ Ատրպէյճանի նախագահական ընտանիքին մասնակցութեամբ եւ վերջին օրերուն մեծ աղմուկ բարձրացուցած՝ <<Ատրպէյճանական լուացքատուն>> կաշառակերութեան գայթակղութիւնը:

Ատրպէյճանական <<Ազատլիք>> լրատուական գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ փաստաթուղթը կը սահմանէ կաշառակերութեան դէմ պայքարին եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ Եւրոմիութեան ընելիքները:

Եւրոխորհրդարանին տարածած յայտարարութեան համաձայն՝ Ատրպէյճանի մասնակցութեամբ մօտաւորապէս 3 միլիառ տոլարանոց կաշառակերութեան խայտառակութեան մանրամասնութեանց բացայայտումէն ետք, 96 եւրոպատգամաւորներ առաջարկած են փոփոխութիւններ կատարել նշեալ փաստաթուղթին մէջ:

Եւրոխորհրդարանը նաեւ խստօրէն քննադատած է եւրոպական որոշումներ կայացնողներուն վրայ ազդեցութիւն ունենալու նպատակով Ատրպէյճանի քայլերը:

<<Եւրոխորհրդարանը եւրոպական կառավարութեանց կոչ կ՛ընէ խստագո՛յն քայլերու ձեռնարկելու՝ կանխելու համար կաշառակերութեան նման երեւոյթներ>>, նշուած է յայտարարութեան մէջ:

<<Միջազգային թափանցիկութիւն>> կազմակերպութիւնը եւս Սեպտեմբեր 7ին կոչ ըրաւ մանրամասն հետաքննութիւն բանալու ատրպէյճանական նորագոյն գայթակղութեան գծով։

 

comments