By Asbarez | Saturday, 09 September 2017
ԵՐԵՒԱՆ, <<Ազատութիւն>> - Սուրբ Էջմիածինի տեղեկատուական համակարգը կը յայտնէ, թէ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի, Մոսկուայի եւ Համայն Ռուսիոյ Քիրիլ պատրիարքի եւ Կովկասի իսլամներու ղեկավար Ալլահշուքիւր Փաշազատէի միջեւ Սեպտեմբեր 8ին կայացած հանդիպման ընթացքին քննարկուած է նաեւ Արցախի հարցին խաղաղ լուծում մը գտնելու կարելիութիւնները։
Մոսկուայի Ս. Դանիէլ պատրիարքանիստ վանքին մէջ կայացած սոյն հանդիպման ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ, կաթողիկոսը ըսած է. <<Հակառակ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահների հանդիպումների արդիւնքում կատարուող յայտարարութիւնների, հոգեւոր առաջնորդներիս կոչերի եւ պատգամների՝ այսօր հրադադարի պայմաններում շարունակում է լարուած մնալ իրավիճակը սահմանագծում, շարունակում են զոհուել զինուորներ եւ երբեմն նաեւ սահմանամերձ բնակավայրերի խաղաղ բնակիչներ: Յատկապէս մտահոգիչ ենք համարում քաղաքացիական բնակչութեան թիկունքում պատսպարուելու եւ այն միտումնաւոր թիրախի վերածելու դէպքերը: Սահմանից անդին չեն դադարում ռազմատենչ կոչերը, աճող սպառազինութեան վերաբերեալ յայտարարութիւնները: Այս ամէնը մեծապէս վտանգում է փոխվստահութեան եւ փոխըմբռնողութեան ոգու մթնոլորտի ձեւաւորմանն ուղղուած ջանքերը եւ, սասանելով արդէն իսկ փխրուն հրադադարը՝ վերափոխում հակամարտութեան ուժգնացման մի նոր իրողութեան, որին ականատես դարձանք 2016 թուականի Ապրիլին, երբ ատրպէյճանական զինուած ուժերի կողմից սանձազերծուեցին լայնամասշտաբ ռազմական գործողութիւններ: Ամէնքիս յայտնի է այդ օրերի ժամանակագրութիւնը՝ փաստագրուած նաեւ միջազգային հանրութեան կողմից, մարտի դաշտում զոհուած զինուորների, ինչպէս նաեւ խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ կատարուած խոշտանգումները, վայրագութիւններն ու բռնութիւնները, պատճառուած կորուստներն ու աւերները։ Մեր տարածաշրջանում խաղաղութիւնն այլընտրանք չունի, ինչպէս եւ՝ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորումը՝ բացառապէ՛ս բանակցութիւնների միջոցով: Այլընտրանք չունի՛ նաեւ Արցախի մեր հաւատաւոր ժողովրդի ազատ եւ անկախ կեանքը>>:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ