Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տունը 1,5 միլիոն տոլար պիտի յատկացնէ Արցախի ականազերծման աշխատանքներուն

By Aztag Daily | Saturday, 09 September 2017



Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունը 7 սեպտեմբերին որդեգրած է քոնկրեսական Տէյվիտ Վալատաոյի կողմէ ներկայացուած առաջարկը, որ կը նախատեսէ Միացեալ Նահանգներու 2018-ի պիւտճէական տարուան մէջ աջակցիլ Արցախի մէջ ականազերծումով զբաղող <<Հելօ Թրասթ>> ոչ կառավարական կազմակերպութեան: Այս մասին <<Արմէնփրես>>-ին յայտնած է Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը:

Վալատաոյի առաջարկը ներառուած է 2018-ի պիւտճէական տարուան արտաքին օժանդակութեան յատկացման ծրագիրին մէջ, որ, իբրեւ աւելի մեծ` թիւ 3354 բանաձեւի մաս քուէարկութեան պիտի դրուէր 8 սեպտեմբերին:

<<Ցաւալի իրողութիւն է, որ Լեռնային Ղարաբաղի ընտանիքները ամէն օր կ՛ապրին ականներու պայթումի վտանգին տակ: Ես լաւատես եմ, որ իմ առաջարկովս նախատեսուող նիւթական յատկացման պարագային մինչեւ 2020 թուական շրջանը ականազերծուի, եւ ընտանիքները կարենան հանգիստ ապրիլ` առանց ականներու հետ կապուած դժբախտ պատահարներու վտանգի>>, առաջարկի որդեգրումէն ետք ըսած է վալատաօ:

Առաջարկին որդեգրման աջակցած են նաեւ քոնկրեսականներ Էտ Ռոյս, Էտըմ Շիֆ, Ֆրենք Փալոն, Ճեքի Սփայըր: <<Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին մէջ ականազերծման աշխատանքներուն Միացեալ Նահանգներու կողմէ ցուցաբերուած աջակցութիւնը մեծապէս օգնած է <<Հելօ Թրասթ>>-ին 2000 թուականէն մաքրելու տարածքը ականներէն ու այլ պայթուցիկ սարքերէն: Այս աջակցութիւնը պիտի օգնէ <<Հելօ Թրասթ>>-ին իրենց վերջնաժամկէտին` 2020 թուականին աւարտելու այս կարեւոր աշխատանքը>>, նշած է Փալոն:

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Յատկացումներու Յանձնախումբը Ընդունած Է
Էրտողանի Թիկնապահներուն Զէնքի Վաճառքը Արգիլող Օրինագիծը

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի յատկացումներու յանձնախումբը որդեգրած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի թիկնապահներուն զէնքի վաճառքը արգիլող օրինագիծը: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական <<Տիքեն>> կայքը:

Միւս կողմէ, Ուաշինկթընի մէջ արդէն կայացած է մեղադրեալներէն երկուքին առաջին դատական նիստը, որուն ընթացքին մեղադրեալներ Սինան Նարինն ու Էյուպ Եըլտըրըմը դատարանի դահլիճ բերուած են բանտային համազգեստով, շղթայուած ոտքերով եւ ձեռնաշղթաներով:

Դատական նիստի ընթացքին որոշուած է շարունակել զանոնք կալանքի տակ պահել: Դատական յաջորդ նիստը տեղի պիտի ունենայ 10 հոկտեմբերին:

 

comments