ԵԱՀԿ Խորհրդարանական Վեհաժողովը Արցախի նուիրուած քննարկումներ պիտի իրականացնէ

By Asbarez | Saturday, 09 September 2017

0909mutonen

ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր>> - ԵԱՀԿ Խորհրդարանական վեհաժողովի յառաջիկայ նստաշրջաններուն, քննարկումներ եւ բանավէճեր տեղի պիտի ունենան Արցախի հակամարտութեան գծով. այս մասին Սեպտեմբեր 8ին յայտարարած է օրերս Պաքու այցելող ԵԱՀԿ Խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Քրիսթին Մութոնեն:

<<Խորհրդարանական վեհաժողովը իւրօրինակ հարթակ մըն է, ուր կը քննարկուին հակամարտութիւնները, մասնաւորապէս անոնք, որոնք կը գտնուին ԵԱՀԿի տարածքէն ներս>>, նշած է Մութոնեն, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ իր հանդիպումէն ետք:

<<Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծումը պէտք է առաջնահերթութիւն ըլլայ միջազգային համայնքին եւ տեղւոյն ղեկավարներուն համար>>, եզրակացուցած է ան։

 



comments