By Asbarez | Wednesday, 13 September 2017

ՄՈՍԿՈՒԱ, <<ՌԻԱ Նովոսթի>> - Հիւսիսային Քորէա յայտարարած է, թէ Միացեալ Նահանգներու կողմէ պատժամիջոցները եւ ճնշումը մուտք կը գործեն <<չափազանց անխոհեմ փուլ>>, եւ զգուշացուց, որ պատրաստ է այդ գծով աննախադէպ քայլերու դիմելու: Հիւսիսային Քորէայի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ նշուած է, թէ Ուաշինկթըն կը շահագործէ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը, անոր միջոցաւ խստացնելու համար Հիւսիսային Քորէայի դէմ պատժամիջոցները՝ հիւլէական վերջին փորձերուն պատճառով:
Երկրի արտաքին գործոց նախարարութիւնը շեշտած է նաեւ, որ <<գերհզօր ջրածնային զէնք>>ը ստեղծուած է Միացեալ Նահանգներու կողմէ աճող թշնամական գործողութիւնները զսպելու եւ Քորէական թերակղզիին վրայ հիւլէական պատերազմը կանխարգիլելու համար:
Փիոնկիանկ նաեւ յայտնած է, որ ուշադիր կը հետեւի Միացեալ Նահանգներու գործողութիւններուն եւ պատրաստ է <<մեծ ցաւ ու տառապանք>> պատճառող պատասխան մը տալու:
Նախարարութիւնը աւելցուցած է, որ <<ամբողջական ոչնչացումէ խուսափելու համար>>, Միացեալ Նահանգները պէտք է դադրեցնէ Հիւսիսային Քորէայի հետ քաղաքական, տնտեսական եւ զինուորական ճակատումը:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ