Լեւոն Արոնեան հասաւ աշխարհի բաժակի մրցաշարքի 4րդ հանգրուան

By Asbarez | Wednesday, 13 September 2017


0913Aronian

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Հայաստանի ճատրակի առաջատար եւ աշխարհի ճատրակի թիւ 4 վարպետ Լեւոն Արոնեան այս օրերուն Թիֆլիսի մէջ կը մասնակցի աշխարհի բաժակի մրցաշարքին (Սեպտեմբեր 2-27), որուն  կը մասնակցին ճատրակի աշխարհի լաւագոյն 128 վարպետները։

Արոնեան Սեպտեմբեր 11ին կրցաւ ապահովել 4րդ հանգրուան, սուր պայքարէ մը ետք 4.5-3.5 արդիւնքով պարտութեան մատնելով ռուս Մաքսիմ Մաթլաքովը։

4րդ հանգրուանի անոր մրցակիցն է այլ ռուս մը՝ Տանիլ Տուպով, որուն հետ առաջին մրցումը Սեպտեմբեր 12ին կայացաւ եւ աւարտեցաւ հաւասարութեամբ։ Արոնեան կը խաղար սեւ քարերով։

Բացի Արոնեանէն, այս մրցաշարքին կը մասնակցէին նաեւ Հայաստանէն Հրանդ Մելքումեան եւ Ռոպերթ Յովհաննիսեան, որոնք առաջին հանգրուանին պարտութիւններ կրեցին՝ դուրս մնալով մրցաշարքէն։ Առաջին փուլի պայքարէն դուրս մնաց նաեւ Միացեալ Նահանգներէն Վարուժան Յակոբեանը։ Ամերիկահայ Սամուէլ Սեւեան աւելի լաւ արդիւնք ապահովեց, առաջին հանգրուանին յաղթանակ մը ապահովելով, սակայն երկրորդ հանգրուանին պարտութիւն կրեց եւ դուրս մնաց պայքարէն։

Յայտնենք, որ աշխարհի ախոյեան Մակնուս Քարլըեն 3րդ հանգրուանին 0.5-1.5 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց 33րդ դասուած չինացի Պու Շիանծիէն՝ դուրս մնալով մրցաշարքէն։

Աշխարհի բաժակի վերջին ախոյեան՝ ռուս Սերկէյ Քարիաքին, եւս պիտի չկարենայ պաշտպանել իր տիտղոսը, երկրորդ հանգրուանին դուրս մնալով պայքարէն՝ պարտութիւն կրելով իր հայրենակից Տանիլ Տուպրովէն։

Յիշեցնենք, որ աշխարհի բաժակի աւարտականին հասնող երկու վարպետները իրաւունք պիտի ունենան մասնակցելու 2018ի աշխարհի ախոյեանութեան թեկնածուներու մրցաշարքին։

 

comments

Advertisement