By Asbarez | Thursday, 14 September 2017
ԹԵՀՐԱՆ, <<Ֆարս>> - Իրանի Ազգային ապահովութեան բարձրագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Շամխանի յայտնեց, որ գոյութիւն ունին փաստագրուած տեղեկութիւններ այն մասին, թէ ամերիկեան ղեկավարութեամբ միջազգային դաշինքը, <<Իսլամական պետութեան>> դէմ պայքարելու փոխարէն՝ կը ղեկավարէ՛ զայն, եւ օգնած է, որ անոր զինեալները փախուստ տան:
Ան նաեւ յայտնեց, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարիլ յաւակնող կարգ մը երկիրներ հաւաստի ու լուրջ չեն, եւ հարց տուաւ. <<Ահաբեկչութեան դէմ պայքարիլ յաւակնող երկիրները եւ մանաւանդ՝ ամերիկեան դաշի՛նքը, ահաբեկիչներուն դէմ պայքարին կամ ահաբեկչական խմբաւորումներուն գրաւած շրջաններու ազատագրման համար ի՞նչ ազդու գործ ըրին>>:
Շամխանի ըսաւ, որ Դիմադրութեան առանցքը, որուն մաս կը կազմեն Իրանը, Իրաքը, Սուրիան եւ <<Հըզպալլա>>ն, հաւատարիմ, անկեղծ, հաստա՛տ կամքով, յստակ գործով ու փայլուն արդիւնքներով կ՛աշխատի ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու, զայն արմատախիլ ընելու եւ աշխարհը փրկելու հաւատադրժողական ծայրայեղականներու տարածման վտանգէն, ապա ընդգծեց, որ Տէր Զօր քաղաքի ազատագրումը վերջնական հարուած հասցուց Սուրիոյ մէջ <<Իսլամական պետութեան>> զինեալներու գոյութեան:
Շամխանի նաեւ ըսաւ, թէ Իրան եւ Սուրիա կը զօրակցին Լիբանանը <<Իսլամական պետութենէն>> ամբողջութեա՛մբ ձերբազատելու գծով <<Հըզպալլա>>ի միջոցառումներուն՝ աւելցնելով, որ եթէ նշեալ կուսակցութեան ուժը չըլլար, ապա Լիբանան այսօր պիտի հիւրընկալէր աշխարհի բոլո՛ր կողմերէն եկած ահաբեկիչներ:
Շամխանի յայտարարեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնն ու բանակը այսօր պարտական են <<Հըզպալլա>>ի կատարած զոհողութիւններուն:
Ինչ կը վերաբերի Իրաքի մէջ արձանագրուած զարգացումներուն, ապա Շախմանի ըսաւ, որ Մուսուլ եւ Թել Աֆար քաղաքներուն ազատագրումը՝ Իրաքի բանակին ու ժողովրդային զօրախումբին կողմէ, փաստե՛ց, որ Իրաք օտար ուժերու կարիք չունի: Ան աւելցուց, որ Մուսուլի ազատագրումէն եւ այդ քաղաքին մէջ երեւակայածին խալիֆայութեան տապալումէն ետք, Իրաք մօտեցաւ վերջնական յաղթանակի, որ շուտով պիտի իրականանայ:
Շամխանի աւելցուց, որ իրաքցիներուն հարցերը պիտի բարդանան՝ երկիրը ազգային եւ յարանուանական հիմքերով մասնատելով, ինչ որ կրնայ աշխարհաքաղաքական ու ներքին համակեցութեան հարցերու լոյսին տակ նոր կնճռոտ հարցեր ներփակել, ինչպէս նաեւ առիթ ստեղծել, որ շրջանէն դուրս եղող ուժեր զանոնք շահագործելով՝ տիրեն երկրին:
Վերջապէս, անդրադառնալով Հիւսիսային Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի անկախութեան հանրաքուէին՝ Շամխանի զայն նկատեց անօրինակա՛ն, եւ աւելցուց, որ հանրաքուէն թէ՛ շրջանին, թէ՛ Իրաքին ու Ինքնավար մարզին համար վտանգաւո՛ր հետեւանքներ պիտի ունենայ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ