Թուրքիա Գերմանիոյ հետ յարաբերութեանց բարելաւում կ՛ակնկալէ Պունտեսթակի ընտրութիւններէն ետք

By Asbarez | Thursday, 14 September 2017

0914erdo

ԱՆԳԱՐԱ, <<Անատոլու>> - Անգարայի եւ Պերլինի միջեւ յարաբերութիւնները պէտք է բարելաւուին Գերմանիոյ խորհրդարանի՝ Պունտեսթակի ընտրութիւններէն ետք, յայտնած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան:

<<Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներուն կողմէ քննադատութիւնները կապուած են անոնց ներքին քաղաքականութեան հետ: Կը կարծեմ, որ Գերմանիոյ ընտրութիւններէն ետք իրավիճակը պիտի բարելաւուի>>, ըսած է Էրտողան: Նշենք, որ Պունտեսթակի ընտրութիւնները պիտի կայանան Սեպտեմբեր 24ին:

 



comments

Advertisement