Աքընի ֆիլմը Գերմանիոյ թեկնածուն է Օսքար-ի լաւագոյն օտար ֆիլմի բաժանմունքին մէջ

By Asbarez | Thursday, 14 September 2017

 

0831Akin German Film award

ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> - Հայոց Ցեղասպանութեան մասին <<Հատումը>> (<<The Cut>>) ֆիլմը բեմադրած թրքական ծագումով գերմանացի բեմադրիչ Ֆաթիհ Աքընի նոր ֆիլմը՝ <<Ին տը Ֆէյտ>>ը, ընտրուած է իբրեւ Գերմանիոյ թեկնածուն՝ <<Օսքար>>ի Լաւագոյն օտար ֆիլմի մրցանակին։

Այս շարժապատկերը կը պատմէ Գերմանիոյ մէջ թուրքերու եւ այլ փոքրամասնութիւններու դէմ գործադրուած ազգայնամոլներու ահաբեկչական արարքներուն մասին։ Ժապաւէնին մէջ դերեր ունին թուրք եւ գերմանացի դերասաններ։

Յիշեցնենք, որ 2018ի <<Օսքար>>ի մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ Մարտ 4ին։

ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>>.- Հայոց Ցեղասպանութեան մասին <<Հատումը>> (<<The Cut>>) ֆիլմը բեմադրած թրքական ծագումով գերմանացի բեմադրիչ Ֆաթիհ Աքընի նոր ֆիլմը՝ <<Ին տը Ֆէյտ>>ը, ընտրուած է իբրեւ Գերմանիոյ թեկնածուն՝ <<Օսքար>>ի Լաւագոյն օտար ֆիլմի մրցանակին։

Այս շարժապատկերը կը պատմէ Գերմանիոյ մէջ թուրքերու եւ այլ փոքրամասնութիւններու դէմ գործադրուած ազգայնամոլներու ահաբեկչական արարքներուն մասին։ Ժապաւէնին մէջ դերեր ունին թուրք եւ գերմանացի դերասաններ։

Յիշեցնենք, որ 2018ի <<Օսքար>>ի մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ Մարտ 4ին։

 



comments

Advertisement