Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարը կ՛այցելէ Իսրայէլի ռազմարդիւնաբերական կեդրոնները

By Asbarez | Friday, 15 September 2017

0915azr isra

ԵՐԵՒԱՆ, <<Ռազմ.ինֆօ>> - Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 14ին Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Իսրայէլ կատարած իր այցի ծիրէն ներս այցելած է նաեւ այդ երկրի ռազմարդիւնաբերութեան շարք մը կեդրոններ:

Հասանով հանդիպումներ ունեցած է իսրայէլեան ռազմարդիւնաբերական ընկերութիւններու ղեկավարներու հետ՝ քննարկելով ռազմական արհեստագիտութեան մարզին մէջ համագործակցութեան վերաբերող հարցեր: Զաքիր Հասանով նաեւ ծանօթացած է ընկերութեանց արտադրութիւններուն:

Յիշեցնենք, որ Հասանովի Իսրայէլ այցը սկսած էր Սեպտեմբեր 11ին: Ան խորհրդակցութիւններ ունեցած է Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Աւիկտոր Լիպերմանի հետ, իսկ Սեպտեմբեր 13ին այցելած է նաեւ Իսրայէլի զինուորական ուժերու հրամանատարութեան եւ ղեկավարման կեդրոնը:

Հասանով առաջին անգամ ըլլալով է որ իբրեւ նախարար կ՛այցելէ Իսրայէլ, եւ յատկանշական է, որ անոր այցելութիւնը կայացաւ՝ Ատրպէյճանէն իսրայէլեան անօդաչու սարքերով Հայաստանի ուղղութեամբ կատարուած յարձակումի լուրին ստեղծած գայթակղութենէն քանի մը շաբաթ ետք միայն։

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութիւնը տակաւին կը քննէ իսրայէլացի մասնագէտներու հաւանական մասնակցութիւնը՝ հայկական դիրքերու ուղղութեամբ կատարուած յարձակումին։ Մինչ այդ, իսրայէլեան կողմը սառեցուցած է Ատրպէյճանին նշեալ սարքերը վաճառելու արտօնագիրը:

 



comments

Advertisement