Եւրոմիութիւնը խոր մտահոգութիւն կը յայտնէ Մեհման Ալիեւի ձերբակալութեան գծով

By Asbarez | Thursday, 14 September 2017

0915mehman-aliyev

ՎԱՐՇԱՒԻԱ, <<Ռոյթըրզ>> - ԵԱՀԿի տարեկան նիստին յղուած եւ Մարդկային իրաւանց հարցերու նուիրուած յայտարարութեամբ մը, Եւրոմիութիւնը խոր մտահոգութիւն յայտնած է Ատրպէյճանի մէջ <<Թուրան>> լրատու գործակալութեան տնօրէն Մեհման Ալիեւի ձերբակալութեան գծով, միաժամանակ քննադատելով Պաքուի իշխանութիւններուն այդ արարքը:

Եւրոմիութիւնը իր յայտարարութեան մէջ նշած է, որ կը միանայ ԵԱՀԿի լրատուամիջոցներու ազատութեան հարցերով ներկայացուցիչին, ինչպէս նաեւ Եւրոխորհուրդի ընդհանուր քարտուղարին յայտարարութիւններուն՝ Ատրպէյճանին կոչ ուղղելով կատարելու իր միջազգային պարտաւորութիւնները, մասնաւորաբար՝ Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական ուխտի 10րդ յօդուածը, որ կը պաշտպանէ խօսքի եւ տեղեկատուութեան ազատութեան իրաւունքը:

<<Մենք Ատրպէյճանին կոչ կ՛ուղղենք սերտօրէն համագործակցելու միջազգային կառոյցներուն հետ, որոնք կը պահանջեն անյապաղ ազատ արձակել Մեհման Ալիեւը եւ երաշխաւորել, որ անոր հիմնարար ազատութիւնները չեն խախտուիր ապագային։ Կառավարութենէն խստօրէն կը պահանջենք հետեւիլ օրէնքի գերակայութեան վերաբերեալ իր ստանձնած պարտաւորութիւններուն, որոնց նկատմամբ յարգանքը ժողովրդավարական հասարակութեան հիմքն է>>, նշուած է Եւրոմիութեան յայտարարութեան մէջ:

 



comments

Advertisement