Սելինա Տողան կը դիմէ խորհրդարան՝ բանտերու մէջ Ակօս-ը արգիլելու գծով

By Asbarez | Saturday, 16 September 2017

0916selina-dogan

ՊՈԼԻՍ, <<Ակօս>> - Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան պոլսահայ պատգամաւոր Սելինա Տողան, երկլեզու <<Ակօս>> շաբաթաթերթը բանտերուն մէջ արգիլելու հարցը Սեպտեմբեր 15ին բարձրացուց Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ:

Արդարեւ, արդարադատութեան նախարար Ապտուլհամիտ Կիւլին ուղղուած նամակով մը, ան պահանջեց պարզաբանել ձերբակալուած իրաւապաշտպաններու սահմանադրական իրաւունքներուն խախտումները, որոնք կը կատարուին Թուրքիոյ մէջ շարունակուող արտակարգ դրութեան պատրուակով:

Տողան նաեւ հարց տուաւ, թէ ի՛նչ հիմնաւորումով <<Ակօս>> թերթը չէ տրուած Սիլիվրի բանտին մէջ պատիժ կրող Էօզլեմ Տալքըրանին։

Յիշեցնենք, որ Տողանի կուսակից երեսփոխաններ Շենալ Սարըհան ու Ճանտան Իւճէյր այս շաբաթ այցելած էին Յուլիս 5ին Պոլսոյ մէջ ձերբակալուած ապա բանտարկուած մարդկային իրաւանց պաշտպաններուն, որոնք իրենց կարգին պատգամաւորներուն յայտնած են, թէ Թուրքիոյ մէջ շարունակուող արտակարգ դրութեան պատրուակով, բանտին մէջ եւս կ՛ոտնակոխուին իրենց շարք մը իրաւունքները (տեղեկութիւն ստանալու, փաստաբաններու հետ հանդիպելու, եւ այլն): Տալքըրան նաեւ յայտնած է, որ բանտի ղեկավարութիւնը իրեն չեն արտօներ կարդալ <<Ակօս>> թերթը, անոր մէջ հայերէն էջերու առկայութեան համար։

Տողան շեշտեց, թէ պարագան յատկապէ՛ս այս վերջին կէտին համար՝ կրկնապէ՛ս մտահոգիչ է։

 



comments