Ազգայնամոլն ու նախարարը

By Asbarez | Tuesday, 19 September 2017

 

0919Soylu

ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - Սովորական քաղաքացիներ շատ կը սիրեն լուսանկարուիլ երկրի ղեկավար կարեւոր դէմքերուն հետ, որոնք շռայլօրէն կ՛արտօնեն, որ ոեւէ մէկը լուսանկարուի իրենց հետ։ Բայց ասիկա ունի իր վտանգները։ Շաբաթավերջին պատահած արտակարգ դէպք մը մեզի յիշեցուց, թէ անծանօթներու հետ լուսանկարուիլն ալ ունի իր վտանգաւոր կողմերը։

Արդարեւ, Թուրքիոյ մէջ անցեալ շաբաթավերջի ամէնէն զգայացունց դէպքն էր քրտամէտ կուսակցութեան համանախագահ Այսել Թուղլուքի մօր յուղարկաւորութեան ընթացքին պատահած անմարդկային յարձակումը, երբ նախայարձակները յուղարկաւորութեան ընթացքին ծանր դատապարտութեան լօզունգներ արձակած էին ու դէմ եկած էին ննջեցեալին՝ հո՛ն թաղուելուն, ուստի հանգուցեալին պարագաները ստիպուած էին այլուր թաղելու իրենց ննջեցեալը։

Կիրակի օր, սակայն, մամուլին մէջ նոր ռումբ մը պայթեցաւ, երբ հրատարակուեցաւ լուսանկար մը, որուն մէջ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սօյլուն կը տեսնուէր վերոնշեալ այդ նախայարձակներէն՝ Մուրատ Ալփին հետ։ Լուսանկարը առնուած է դէպքէն ետք՝ ոստիկանատան մէջ։

Նախարարին՝ նման անձի մը հետ առնուած լուսանկարը յանկարծ տակնուվրայ ըրաւ Թուրքիոյ ընկերային ցանցերը, ուր շատեր հարց կու տային, թէ նախարար մը ինչպէ՞ս կը նկարուի այսպիսի աղտոտ յարձակումի մը հեղինակներէն մէկուն հետ։ Ոմանք այս պատահարը նմանցուցին այն լուսանկարին, որուն մէջ ոստիկան զինուորներ լուսանկարուած էին Հրանդ Տինքը սպաննած ազգայնամոլին հետ, վերջինիս ձերբակալութենէն անմիջապէս ետք։

 



comments

Advertisement