Քրիստոնեաները հիւրեր չեն. Ասատ

By Asbarez | Tuesday, 19 September 2017

0920Assad

ԴԱՄԱՍԿՈՍ, <<Ռոյթըրզ>> - Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ, Սուրիոյ մէջ ասորի երիտասարդներու ընդհանուր հանդիպման մասնակիցներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է. <<Քրիստոնեաները հիւրեր կամ գաղթող թռչուններ չեն. անոնք հայրենիքի գոյութեան հիմն են, առանց անոնց՝ մեր գիտցած բազմազանութեամբ օժտուած Սուրիան գոյութիւն չունի: Փոխարէնը, առանց Սուրիոյ՝ անոնք հող եւ հաստատ գոյութիւն չունին>>: <<Ոմանք մեր շրջանի քրիստոնեաները թիրախ կը դարձնեն՝ մեր ապրած բազմազանութիւնը թերի դարձնելու եւ շրջանը մասնատելու համար յարանուանական ու կրօնական պետութիւններու, որպէսզի օրինականացուի բռնագրաւեալ Պաղեստինի մէջ հրէական պետութիւնը>>, յայտնած է Ասատ:


comments

Advertisement