Սպիտակ Տունը ետ քաշեց Էրտողանի թիկնապահներուն զէնքեր ծախելու առաջարկը

By Asbarez | Wednesday, 20 September 2017

0920Turkey Arms Embargo

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ - Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ տեղի տալով քոնկրեսական ճնշումներուն՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը ետ քաշած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի թիկնապահներուն զէնքեր ծախելու առաջարկը։

Որոշ քոնկրեսականներ շարք մը պատժամիջոցներ առաջարկած էին Թուրքիոյ դէմ, դատապարտելու համար Ուաշինկթընի մէջ Մայիս 16ին տեղի ունեցած խաղաղ ցոյցի մը ընթացքին՝ Թուրքիոյ նախագահի թիկնապահներուն կողմէ ցուցարարներուն դէմ գործուած վայրագ յարձակումը, եւ շեշտելու, թէ ամերիկեան արժէքներու նման ոտնակոխումէ մը ետք՝ Թուրքիոյ զէնքեր վաճառելու ծրագիրները խոտոր կը համեմատին Միացեալ Նահանգներու սկզբունքներուն:

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան դրուատեց Սպիտակ տան այս որոշումը:

Նշենք, որ Ներկայացուցիչներու տունը Ուրբաթ, Յուլիս 14ին վաւերացուցած էր Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համանախագահ Տէյվ Թրաթի առաջադրած յաւելուածը՝ Էրտողանի թիկնապահներուն զէնքեր ծախելու ծրագիրը կասեցնելու մասին:

Ի պատասխան զէնքի վաճառքէն հրաժարելու որոշումին մասին հարցումի մը՝ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան յիշեցուց, որ Միացեալ Նահանգները զէնք կու տայ Սուրիոյ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերուն: <<Մինչ մենք չենք կրնար մեր դրամներով զէնք գնել ձեզմէ, բայց դուք ինչո՞ւ ձրիաբար զէնք կու տաք այդ ահաբեկչական խմբաւորումներուն: Մենք չենք կրցած գտնել այդ հարցին պատասխանը, ուստի, իբրեւ ռազմավարական գործընկեր՝ այդ պատճառով ալ մեծ ցաւ կ՛ապրինք>>, ըսաւ Էրտողան:

 

comments

Advertisement