By Asbarez | Wednesday, 20 September 2017
ԵՐԵՒԱՆ - Առանց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու՝ Թուրքիան երբեք ժողովրդավարական պետութիւն չի կրնար դառնալ, ո՛չ ալ քրտական հարցը կրնայ լուծում ստանալ: Այս մասին, ըստ <<Նիուզ>>ի, 19 Սեպտեմբերին, Հայաստան-Սփիւռք համահայկական 6րդ համաժողովի ծիրին մէջ կազմակերպուած <<Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչում, ցեղասպանութիւններու կանխարգիլում, քաղաքական եւ իրաւական գործընթացները>> նիւթով քննարկման ընթացքին ըսաւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան:
<<Ցեղասպանութեան ճանաչման համար պէտք է ունենանք առաւե՛լ լայն տեսլական. միա՛յն ժողովրդավարական Թուրքիան կրնայ ճանչնալ Ցեղասպանութիւնը, միա՛յն ժողովրդավարական Թուրքիան կրնայ բանալ սահմանները Հայաստանի հետ, հակառակ պարագային մենք ստիպուած պիտի ըլլանք սպասելու ե՛ւս տասնեակ տարիներ: Թուրքիան ներկայիս դարձեալ կ՛ապրի մութ ժամանակաշրջան: 102 տարի առաջ տեղի ունեցաւ մեծ ոճիր, եւ անիկա կը շարունակուի այսօր, քանի որ ամէն ոճիր, որ անպատիժ կը մնայ, կ՛առաջացնէ նոր ոճիրի: Ես պիտի շարունակեմ պայքարիլ Ցեղասպանութեան ճանաչման համար>>, ըսաւ հայ պատգամաւորը:
Ըստ Կարօ Փայլանի՝ Թուրքիան այսօր կը հեռանայ ժողովրդավարութենէն, յետընթաց կ՛ապրի նաեւ Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններուն գծով: Թուրքիոյ նոր սահմանադրութեան ընդունումը նոյնպէս կը նշանակէ հեռացում ժողովրդավարութենէն։
<<Ես այս մասին խօսած եմ խորհրդարանին մէջ, ըսած եմ, որ մեծ սխալ տեղի ունեցած է: 20րդ դարու սկիզբը տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ես խորհրդարանին մէջ ըսած եմ, եթէ երկրին մէջ ընդունուի նոր սահմանադրութիւն, նոյն աղէտը պիտի ունենանք, այսօր այդ ճանապարհին ենք: Թուրքիան 100 տարի ետք ալ կը շարունակէ ոճիր գործել>>, յայտնեց Փայլան:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ