By Asbarez | Tuesday, 26 September 2017
Մինչ արտասահմանի մէջ իրաքցի քիւրտերը նախապէս սկսած էին Հիւսիսային Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի անկախութեան հանրաքուէին համար քուէարկելու, Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 25ին, անկախութեան հանրաքուէին պաշտօնական քուէարկութիւնը տեղի ունեցաւ Իրաքի հիւսիսը գտնուող Քրտական ինքնավար մարզին մէջ:
Հանրաքուէի բարձրագոյն խորհուրդը նախապէս հաստատեց, որ հանրաքուէն պիտի կայանայ իր ճշդուած ժամանակին: Խորհուրդը Պաղտատի մէջ Իրաքի նախագահ Ֆուատ Մաասումի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ հանրաքուէի աւարտէն ետք՝ Պաղտատի հետ իր երկխօսութիւնը պիտի շարունակէ:
Այս առթիւ, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ անցած շաբաթավերջին Նիւ Եորքի մէջ Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Իպրահիմ Ժաաֆարիի հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, թէ Սուրիա կը մերժէ Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի անկախութեան հանրաքուէն:
Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ իր կարգին յայտնեց, թէ այս հանրաքուէին դէմ Թուրքիոյ որդեգրելիք միջոցառումները դիւանագիտական, քաղաքական, տնտեսական եւ ապահովական բնոյթ ունին:
Նշենք, որ Թուրքիոյ խորհրդարանը, Շաբաթ օր, մէկ տարիով երկարաձգեց Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ թրքական զինեալ ուժերու տեղակայման լիազօրութիւնը:
Իրաքի ազգային անվտանգութեան խորհրդատու եւ Ժողովրդային զօրախումբի մարմինի նախագահ Ֆալեհ Ֆայատ Կիրակի օր յայտնեց, որ եթէ հանրաքուէն իրականանայ, ապա Իրաքի կեդրոնական կառավարութիւնը իրաքեան հողերու միասնականութիւնը պահպանելու իր պարտաւորութիւնները պիտի կատարէ. <<Այս հանրաքուէն սադրիչ արարք է, արաբներուն ու քիւրտերուն միջեւ պատմական շրջագիծի քանդո՛ւմ է, եւ անիկա զայն հովանաւորողներուն համար սուղ պիտի արժէ>>, նշեց Ֆայատ: Ան նաեւ շեշտեց նախքա՛ն հանրաքուէն եւ ոչ թէ զայն գործադրելէ ետք երկխօսութիւն կատարելու կարեւորութիւնը՝ ընդգծելով. <<Երբ հանրաքուէն տեղի ունենայ արդէն, անոր պիտի հակադարձենք սահմանադրական եւ օրինական ոճով>>:
Մինչ այդ, Իրան շարունակեց Քրտական մարզի սահմանին մօտ իր ռազմափորձը: Իրանի Ազգային անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդի բանբերը յայտնեց, որ իրաքեան կառավարութեան խնդրանքով՝ դադրեցուած են Իրանի եւ Քրտական մարզին միջեւ բոլոր թռիչքները:
Քրտական մարզի իշխանութիւնները իրենց կարգին յայտարարեցին, որ հանրաքուէի ծիրին մէջ որդեգրուած միջոցառումներու շարքին՝ փակուած է Մուսուլը Արպիլին կապող ճամբան: Անոնք յայտնեցին նաեւ, որ Քրտական մարզը պիտի հակադարձէ ինքնորոշման իրաւունքի կիրարկումէն ետք իր քաղաքները թիրախ դարձնող որեւէ ռմբակոծումի:
Վերջապէս, Քրտական ինքնավար մարզի նախագահ Մասուտ Պարզանի, իր կարգին անդրադառնալով Թուրքիոյ կողմէ հնչող սպառնալիքներուն՝ յայտարարեց, որ իրենք կը մերժե՛ն այդ սպառնալիքները, եւ խօսքը թուրքերուն ուղղելով՝ ըսաւ. <<Եկէ՛ք եւ մեզ բնաջնջեցէ՛ք>>:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ