By Asbarez | Wednesday, 27 September 2017

ԵՐԵՒԱՆ, <<Փանորամա>> - <<Մարդկային իրաւանց դէտ>> (Human Rights Watch) միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը տպագրած է նոյն կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Ֆիլիփ Տամի ստորագրած յօդուածը, որուն մէջ վերջինս անդրադարձած է Եւրոպայի խորհուրդի նախարարներու կոմիտէին կողմէ Ատրպէյճանի վերաբերեալ ընդունուած որոշումին:
<<Ատրպէյճանը, քաղաքական գործիչ Իլկար Մամետովը ճաղերու ետեւ պահելուն ու անոր իրաւունքները ոտնահարելուն համար, վերջապէս պատասխանատուութեան կ՛ենթարկուի: Արդարեւ, Հինգշաբթի, 21 Սեպտեմբերին, Եւրոխորհուրդի նախարարներու կոմիտէն որոշեց իրաւական գործընթացի սկսիլ այդ երկրին դէմ: Ասիկա կրնայ մանկական քայլ մը համարուիլ, սակայն այդպէս չէ՛: Ասիկա աննախադէպ եւ համարձակ քայլ մըն է։ Բան մը, որ Եւրոպայի խորհուրդը երբեւէ չէր ըրած: Այս գործընթացը ի վերջոյ կրնայ յանգեցնել Ատրպէյճանի քուէարկելու իրաւունքի կասեցման, կամ նոյնիսկ՝ Եւրոխորհուրդէն անոր հեռացման:
2014ի Մայիսին, Մարդկանց իրաւունքներու եւրոպական դատարանը (ՄԻԵԴ) միանշանակ վճռեց, թէ 2013ի Փետրուարէն բանտարկութեան մէջ գտնուող Մամետովի ձերբակալումը անօրինական է: Դատարանը յայտարարեց, որ Մամետով պէտք է ազատ արձակուի:
ՄԻԵԴի վճիռէն ետք անցած է աւելի քան երեք տարի, սակայն, Մամետով տակաւին կը գտնուի անազատութեան մէջ, հակառակ նախարարներու կոմիտէի՝ Մամետովը ազատ արձակելու վերաբերեալ տասնեակ բանաձեւերուն եւ գլխաւոր քարտուղար Եակլանտի կողմէ նախաձեռնուած հետաքննութեան:
Անցեալ շաբաթ կայացած վճիռը ողջունելի դրսեւորում է, եւ ես յոյս ունիմ, որ պիտի աւարտի Պաքուի արհամարհանքը՝ դատարանին հանդէպ: Ատրպէյճանի՝ Եւրոխորհուրդէն հեռացման վերաբերեալ որոշումը երկար գործընթաց է: Ասիկա Ատրպէյճանի ղեկավարութեան կ՛ընձեռէ վերջին հնարաւորութիւն՝ ճիշդ քայլ իրականացնելու եւ ազատ արձակելու Մամետովը>>, գրած է Տամ:
Ֆիլիփ Տամ նաեւ յիշած է, որ Մամետովի դէպքը միակը չէ եւ որ Ատրպէյճանի բանտերուն մէջ կը գտնուին տասնեակ քննադատներ, իրաւապաշտպաններ ու լրագրողներ՝ նշելով լրագրող Մեհման Հուսէյնովի եւ Թիֆլիսի մէջ առեւանգուած լրագրող Աֆղան Մուխթարլիի դէպքերը:
<<Կառավարութեան միջազգային գործընկերները, ներառեալ Եւրոմիութիւնը, պէտք է յստակացնեն, թէ շարունակական արհամարհանքը դատարանին հանդէպ, ինչպէս նաեւ քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակման հարցով ձախողումը աւելի՛ լուրջ հետեւանքներ պիտի ունենան>>, գրած է Ֆիլիփ Տամ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ