By Asbarez | Wednesday, 27 September 2017

Շաբաթ, 23 Սեպտեմբերին, Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում ունեցան Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով, ներկայութեամբ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովի (Ռուսիա), Սթեֆան Վիսքոնթիի (Ֆրանսա) եւ Էնտրու Շոֆըրի (Միացեալ Նահանգներ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիքի:
Հանդիպումէն ետք համանախագահները հրապարակեցին հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի. <<Խորհրդակցութիւններուն հիմնական նպատակը տագնապի գօտիին մէջ տիրող ներկայ իրավիճակը քննարկելն էր, բանակցային հոլովոյթի աշխուժացման ուղիներ գտնելը եւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն միջեւ հանդիպում նախապատրաստելը:
Կ՛ակնկալենք, որ այս հանդիպումը նպաստէ կողմերուն միջեւ վստահութեան աճին, եւ անոնք քաղաքական կամք դրսեւորեն՝ հարցի առանցքային հարցերու փոխզիջումային լուծումներ գտնելու համար: Նախարարները պատրաստակամութիւն յայտնեցին աշխատելու համանախագահներուն հետ՝ մօտիկ ապագային արդիւնաւէտ հանդիպում կազմակերպելու համար: Համանախագահները կը ծրագրեն Հոկտեմբերին այցելել շրջանը>>:
Երկու նախարարներուն հանդիպման նախորդեցին ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի նախագահներուն հետ նախարարներու առանձին հանդիպումները: Նախարար Նալբանդեան հանդիպումին ընթացքին շնորհաւորեց Միացեալ Նահանգներու նոր համանախագահը՝ պաշտօնը ստանձնելուն առիթով, ընդգծելով համանախագահութեան կարեւոր առաքելութիւնը ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ հանգուցալուծման հասնելու իմաստով: Հանդիպման ընթացքին միտքեր փոխանակուեցան ղարաբաղեան տագնապը բացառապէս խաղաղ միջոցներով լուծելու տարբերակը յառաջ տանելու նպաստող պայմաններ ստեղծելու առնչութեամբ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ