Պոլսոյ մէջ թրքերէնով լոյս տեսաւ Մուսա Լերան Դիմադրութիւնը

By Asbarez | Wednesday, 27 September 2017

 

0927mousaler1

ԵՐԵՒԱՆ, <<Թերթ>> - Պոլսոյ <<Արաս>> հրատարակչատունը թրքերէնով լոյս ընծայեց իտալացի հեղինակներ Մարքօ Տոսաթիի եւ Ֆլաւիա Ամապիլէի հեղինակած <<Մուսա Լերան Դիմադրութիւնը>> գիրքը: Այս երկու հեղինակները յայտնի են նաեւ իրենց <<Հալէպի Պարոնները>> գիրքով:

Իտալերէնէ թարգմանուած <<Մուսա Լերան Դիմադրութիւնը>> գիրքը թուրք ընթերցողին կը պատմէ Ցեղասպանութեան տարիներուն զէնք բարձրացուցած եւ ինքնապաշտպանութեան դիմած կիլիկիացի հայերու պայքարին եւ դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին: Գիրքը նաեւ կը ծանօթացնէ մուսալեռցիներու մշակութային առանձնայատկութիւնները, խոհանոցը, ազգային աւանդութիւններն ու ապրելակերպը:

 



comments