Լեւոն Արոնեան դարձաւ ճատրակի աշխարհի բաժակակիր ախոյեան

By Asbarez | Thursday, 28 September 2017

0928aroyan

Ճատրակի վարպետ Լեւոն Արոնեան դարձաւ աշխարհի բաժակակիր ախոյեան:

<<Արմէնփրէս>>ը կը հաղորդէ, թէ Թիֆլիսի մէջ ընթացած ճատրակի աշխարհի ախոյեանութեան խաղերը վերջ գտան:

Եզրափակիչ խաղին Արոնեան կը մրցէր չինացի Տին Լիրենի հետ: Դասական 4 մրցումներէն ետք ճատրակի վարպետները ունէին 2ական միաւոր եւ որոշիչ եղաւ <<թայ-պրէյք>>ը:

Արագ ճատրակի առաջին խաղին Արոնեան սպիտակներով գերազանցեց մրցակիցը: Երկրորդ խաղին Արոնեան նոյնպէս յաղթեց: Հաւաքելով 4 միաւոր՝ Արոնեան 12 տարի ետք անգամ մը եւս դարձաւ աշխարհի բաժակակիր ախոյեան:

Ան առաջին ճատրակի վարպետն է, որ երկու անգամ կը տիրանայ աշխարհի բաժակին։

Նշենք, որ մրցաշարքին կը մասնակցէին ճատրակի 128 վարպետներ: Արոնեան իրաւունք ստացաւ մասնակցելու 10էն 28 Մարտ 2018ին, Պերլինի մէջ կայանալիք յաւակնորդներու մրցաշարքին:

Աւելցնենք, որ Լեւոն Արոնեան աշխարհի բաժակակիր դարձած էր 2005ին: Ան ճատրակի ողիմպիական եռակի եւ ճատրակի աշխարհի խմբային ախոյեանութեան յաղթող է։

 



comments