Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը կ՛ողջունէ Իրաքեան Քիւրտիստանի անկախութեան հանրաքուէի իրականացումը

By Asbarez | Thursday, 28 September 2017

0928artsakhFM

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ - Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը յայտարարութիւն մը տարածած է Իրաքեան Քիւրտիստանի մէջ, 25 Սեպտեմբերին տեղի ունեցած անկախութեան հանրաքուէին վերաբերեալ:

Յայտարարութեան մէջ, ի միջի այլոց, կ՛ըսուի. <<Կ՛ողջունենք Իրաքեան Քիւրտիստանի անկախութեան հանրաքուէի իրականացումը՝ իբրեւ ՄԱԿ Կանոնադրութեամբ եւ շարք մը միջազգային հիմնարար փաստաթուղթերով ամրագրուած ժողովուրդներու ինքնորոշման եւ իրենց զարգացման ուղին ինքնուրոյն ընտրելու իրաւունքի իրականացման արարք:

Յոյսով ենք, որ հանրաքուէին արդիւնքով ստեղծուած իրավիճակը կը կարգաւորուի խաղաղ միջոցներով՝ հաշուի առնելով տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան ապահովման անհրաժեշտութիւնը>>:

 



comments