By Asbarez | Thursday, 28 September 2017
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ - Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը, անդրարադառնալով Քիւրտիստանի անկախութեան հանրաքուէի հարցին՝ յուսախաբութիւն յայտնած է Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի կառավարութեան անկախութեան շուրջ՝ մարզին մէջ, ներառեալ այդ մարզէն դուրս եղող շրջաններու մէջ եւս, հանրաքուէի քայլին միակողմանիօրէն դիմուելուն համար, նշելով, որ այդ քայլը կրնայ շրջանին մէջ կացութիւնը քայքայել:
Արդարեւ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով՝ յայտնած է. <<Հանրաքուէի լոյսին տակ, Իրաքեան Քիւրտիստանի ժողովուրդին հետ Միացեալ Նահանգներու պատմական յարաբերութիւնները պիտի չփոխուին, սակայն կը կարծենք, որ այս քայլը պիտի բարդացնէ անկայունութիւնը եւ Քիւրտիստանի մարզին ու անոր ժողովուրդին համար առկայ դժուարութիւնները: …Կը հաւատանք, որ բոլոր կողմերը պէտք է շինիչ կերպով մասնակցին երկխօսութեան՝ բարելաւելու համար բոլոր իրաքցիներուն ապագան>>:
Նախարարութիւնը նաեւ ընդգծած է, թէ Միացեալ Նահանգները այս խնդիրի երկու կողմերէն ոեւէ մէկուն նախաձեռնութեամբ՝ սահմաններ փոխելու նպատակով բռնարարքներու դիմելու եւ միակողմանի միջոցառումներ որդեգրելու դէմ է։
Սպիտակ տան բանբեր Սեռա Սենտըրզ, իր կարգին, յայտնեց, որ Իրաք պէտք է միասնական ըլլայ՝ յանուն <<Իսլամական պետութեան>> ոչնչացման եւ Իրանի սանձումին։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ