Պատժամիջոցներ կիրարկելու պարագային՝ Քիւրտիստանի ժողովուրդը սովի պիտի մատնուի. Էրտողան

By Asbarez | Thursday, 28 September 2017

0928erdogan

ՊՈԼԻՍ - Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, թէ երբ իրենք սկսին Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզին դէմ նախատեսուած պատժամիջոցները կիրարկելու՝ սովի պիտի մատնուի այդ տեղի ամբողջ ժողովուրդը, եւ այդ պարագային քիւրտերուն պիտի չօգնէ նոյնիսկ Իսրայէլ: Այս մասին գրած է թրքական <<Թի.24>> կայքը:

<<Այդ ժամանակ, անոնք նոյնիսկ ուտելու բան պիտի չգտնեն: Տեսնենք, թէ Իսրայէլ ինչպէ՞ս, ի՞նչ ճամբով անոնց բան մը պիտի ուղարկէ>>, ըսած է Էրտողան:

Ըստ անոր՝ Թուրքիա ստիպուած դիմած է պատժամիջոցներու: Բացի տնտեսական պատժամիջոցներէն, Էրտողանի համաձայն, օրակարգի վրայ է նաեւ զինուորական միջամտութիւնը, թէեւ վերջինին գծով իրենք յոյս ունին, որ Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզը <<խելքի պիտի գայ>>, եւ ուժի կիրարկման կարիք պիտի չըլլայ:

<<Անկեղծ ըսած՝ մենք մինչեւ վերջին պահը յոյս ունէինք, որ Պարզանի պիտի հրաժարի այդպիսի սխալ մը գործելէ: Ի յայտ եկաւ, որ սխալա՛ծ ենք: Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու ամէնէն փայլուն շրջանին, առանց խորհրդակցելու եւ մեզի հետ քննարկելու այդպիսի որոշում մը տալը՝ մեր երկրին դէմ դաւաճանութի՛ւն կ՛որակեմ>>, յայտարարած է Էրտողան:

<<Մայատին>> արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը, իր կարգին, հաղորդեց, թէ Էրտողան նաեւ ըսած է. <<Իրաքի քիւրտերը անօթութենէ պիտի տառապին, երբ բեռնատարներուն արգիլուի հիւսիսային Իրաք երթալ>>: <<Երբ Թուրքիան Քիւրտիստանի քարիւղը մղելէ դադրի՝ հարցը վե՛րջ պիտի գտնէ>>:

Ըստ անոր՝ Իրաքի քիւրտերը պետութիւն հիմնել չեն գիտեր. <<Քիւրտիստանի մարզի Իրաքէն անջատման հանրաքուէին օրինակութիւնը երբե՛ք պիտի չճանչնանք>>, նշած է ան։

 



comments