By Asbarez | Friday, 29 September 2017
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ - Հինգշաբթի, 28 Սեպտեմբերի յետմիջօրէի ժամը 3ին, N զօրամասի պահպանութեան շրջանի մարտական դիրքին ուղղութեամբ հակառակորդին կողմէ արձակուած կրակոցին իբրեւ հետեւանք գլուխէն մահացու գնդակ ստացած է պարտադիր ժամկէտային զինուոր, կրտսեր սերժանտ Սէյրան Մանուէլի Սարգսեան:
Երկրորդ կայազօրային քննչական բաժինը յարուցած է քրէական գործ՝ ազգային, ցեղային կամ կրօնական ատելութեան կամ կրօնական մոլեռանդութեան շարժառիթով սպանութիւն կատարելու այս դէպքին առիթով:
Նահատակ զինուոր Սէյրան Սարգսեան Տաւուշի մարզի Թեղուտ գիւղէն էր: Ան բանակ զօրակոչուած էր անցեալ տարի:
19ամեայ Սէյրանը նիւթապէս անապահով ընտանիքէ էր. եղբայրը տարի մը առաջ մահացած էր:
Նշենք, որ նախագահ Բակօ Սահակեան յետ մահու <<Մարտական ծառայութիւն>> շքանշանով պարգեւատրեց Սէյրան Սարգսեանը:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ