By Asbarez | Friday, 29 September 2017
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վարչակազմին դէմ պատժամիջոցներ սահմանելու մասին օրէնսդրական նախաձեռնութիւնը մտաւ ամերիկեան Քոնկրեսի օրակարգ: Այս մասին կը հաղորդէ <<Ազատութիւն>>ը:
Հանրապետական Քրիս-թըֆըր Սմիթի եւ դեմոկրատ Ճիմ ՄըքԿավըրնի հեղինակած բանաձեւը կոչ կ՛ընէ պատասխանատուութեան ենթարկելու մարդու իրաւունքներու չդադրող ոտնահարումներուն մէջ մեղքի իրենց բաժինը ունեցող ատրպէյճանցի պաշտօնեաները:
<<Ատրպէյճանի վարչակարգը կը շարունակէ խոշտանգումները, քաղաքական դրդապատճառներով քրէական մեղադրանքները, հալածանքներն ու մարդոց առեւանգումները արտասահմանի մէջ, ահաբեկման այլ միջոցները՝ ստիպելով լռել իրաւապաշտպաններուն, լրագրողներուն եւ կրօնական առաջնորդներուն>>, կը յայտարարէ քոնկրեսական Սմիթ՝ աւելցնելով. <<Ակնյայտ է, որ մեր երկիրներուն միջեւ կարեւոր տնտեսական կապեր կան, սակայն այդ խախտումները չեն կրնար անտեսուիլ>>:
Ատրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու հետ կապուած հարցերուն միշտ հետեւող եւ անոնց արձագանգող հանրապետական ազդեցիկ քոնկրեսականի պաշտօնական կայքին վրայ տեղադրուած հաղորդագրութեան համաձայն՝ բանաձեւը Ամերիկայի կառավարութեան կ՛առաջարկէ Ատրպէյճանի հետ գործ ունենալու պարագային առաջնահերթ ուշադրութիւն դարձնել մարդու իրաւունքներուն եւ հիմնական ազատութիւններուն, իսկ զանոնք ոտնահարողներուն դէմ կիրառել Մակնիցքիի օրէնքը, որ կ՛արտօնէ պատժամիջոցներ սահմանել իւրաքանչիւր երկրի քաղաքացիի եւ կառավարութեան ներկայացուցիչի հանդէպ՝ կաշառակերութեան, խոշտանգումներու, սպանութեան կամ մարդու իրաւունքներու այլ լուրջ խախտումներու համար:
Քոնկրեսականներ Սմիթի եւ ՄքԿավըրնի հեղինակած փաստաթուղթին մէջ մանրակրկիտ կերպով կը ներկայացուի Ատրպէյճանի մէջ տիրող իրավիճակը՝ 158 քաղաքական բանտարկեալներ, որոնցմէ 10ն՝ լրագրողներ, Մարտէն ի վեր երկրին մէջ արգելափակուած են <<Մէյտան TV>>ի, <<Ազատլըղ>> թերթի, <<Ազատութիւն>> ռատիօկայանի ատրպէյճանական ծառայութեան կայքերը, փաստացի կերպով կը խեղդեն երկրին մէջ մնացած միակ անկախ լրատուական աղբիւրը՝ յիշեցնելով, որ մինչ օրս <<Ազատութիւն>> ռատիօկայանի ատրպէյճանական ծառայութեան Պաքուի գրասենեակը իշխանութիւններու պատուէրով փակ է, իսկ այդ լրատուամիջոցի ներկայացուցիչ Խատիճա Իսմայիլովայի բանտէն ազատ արձակելուելէն ետք չեն արտօնած ճամբորդել արտերկիր:
Բանաձեւին շուրջ քննարկումները Քոնկրեսին մէջ պիտի շարունակուին:
Պաշտօնական Պաքուն նախապէս յայտարարած էր, թէ իր դէմ պատժամիջոցներ սահմանել ուզող քոնկրեսական Սմիթը կը գործէ հայկական լոպիի պատուէրով: Իսկ Քոնկրեսին կողմէ օրինագիծը ընդունուելու պարագային, Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կը սպառնան պատասխան քայլերու ձեռնարկել:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ