By Asbarez | Friday, 29 September 2017
Պաշտօնական այցով Ատրպէյճան գտնուող Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար (ՊՆ) Նուրըտտին Ճանիքլի Արցախի հարցով դարձեալ անվերապահ աջակցութիւն յայտնած է Ատրպէյճանին:
Ճանիքլի Պաքուի մէջ յայտարարած է, որ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան, իրենց հողերը պաշտպանելու, ինչպէս նաեւ Արցախը <<Հայաստանի գրաւումէն ազատելու>> համար, պէտք է իրե՛նք արտադրեն անհրաժեշտ բոլոր զէնքերը:
Վկայակոչելով թրքական Mynet.com լրատուական կայքը՝ <<Էրմենիհապեր>>ը կը հաղորդէ, թէ Ճանիքլի ըսած է. <<Միայն մեր հողերը պաշտպանելը բաւարար չէ: Պէտք է անպայման ազատագրել գրաւուած Ղարաբաղը: Անոնք ատրպէյճանական հողեր են, եւ վաղ թէ ուշ պէտք է վերացուի Հայաստանի գրաւումը: Սակայն, ատոր համար պէտք է ըլլանք աւելի ուժեղ: Այդ պատճառով ալ, այս հողերը եւ մենք մեզ պաշտպանելու համար անհրաժեշտ ամբողջ զինամթերքը պէտք է մե՛նք արտադրենք>>:
Անդրադառնալով Թոուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարի յայտարարութեան, Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան յայտնեց, որ <<առաջին անգամ չէ, որ Թուրքիան վնասակար փորձեր է կատարում միջամտելու Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի հարցում: Հէնց դա այն պատճառներից է, որը թոյլ չի տալիս հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացում առաջընթաց արձանագրել, եւ հէնց Անկարայի այս միակողմանի, ապակառուցողական եւ ԵԱՀԿ Մինսկի Խմբի եռանախագահների դիրքորոշումներին դէմ գնացող մօտեցման պատճառով է, որ Հայաստանը մշտապէս կոչ է արել Թուրքիային հեռու մնալ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի հանգուցալուծման գործընթացից>>:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ