By Asbarez | Tuesday, 03 October 2017
ԵՐԵՒԱՆ, <<Թերթ>> - Այս շաբաթ, ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ամերիկացի նոր համանախագահ Էնտրու Շոֆըր իր առաջին պաշտօնական այցը պիտի կատարէ դէպի Երեւան եւ Պաքու, հանդիպելու համար տեղւոյն պաշտօնատարներուն հետ եւ մօտէն ծանօթանալու իրավիճակին: Ըստ Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան աղբիւրներուն՝ Շոֆըր տարածաշրջանին մէջ գտնուող Մինսկի խմբակի միւս համանախագահներուն հետ խորհրդակցութիւններ պիտի ունենայ։
Յիշենք, որ Շոֆըր իր նշանակումէն ետք յայտնած էր, թէ իբրեւ համանախագահ՝ պիտի շարունակէ Արցախի տագնապին արդար կարգաւորման հասնելու ջանքերը՝ հիմնուած միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն վրայ։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ