Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան ներկայացուցիչները այցելեցին Արցախ

By Asbarez | Tuesday, 03 October 2017

1003socialistartsakh

ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակին նախաձեռնութեամբ եւ Ընկերվար երիտասարդներու միջազգային միութեան հրաւէրով, 29 Սեպտեմբերէն 1 Հոկտեմբեր Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան անդամ միջազգային երիտասարդական-քաղաքական կազմակերպութիւններու 17 երկիրներէ 25 ներկայացուցիչներ այցելեցին Հայաստան եւ ճանաչողական այցելութիւն տուին նաեւ Արցախի Հանրապետութիւն:

<<Ընկերվար Երիտասարդներու միջազգային միութեան ծիրին մէջ կազմակերպած ենք այս ճանաչողական այցելութիւնը: Այդ մէկը իրագործելու համար, աւելի քան տարի մը աշխատանք տարած ենք: Այսօր Արցախ կը գտնուին 18 երկիրներէ 25 ներկայացուցիչներ: Նպատակը հակամարտութեան մօտէն ծանօթանալն է, առարկայական պատկերացում ձեռք բերելը>>, յայտնեց ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Սարգիս Մկրտչեան եւ ընդգծեց, որ Արցախ ժամանած երիտասարդները աշխուժօրէն ներգրաւուած են քաղաքական գործունէութեան մէջ եւ անոնք հետագային պիտի դառնան իրենց կուսակցութիւններու կամ երկիրներու պատասխանատու ղեկավարներ: Պատուիրակներ կան Եւրոպայէն (Գերմանիա, Ֆրանսա, Պելճիքա, Փորթուկալ, Աւստրիա, Հոլանտա, Ալպանիա, Իտալիա, Պելոռուս, Պուլկարիա, Մոլտովա, Կիպրոս եւ  Ուքրանիա), Միջին Արեւելքէն (Լիբանան, Իսրայէլ, Պաղեստին), Միացեալ Նահանգներէն եւ Նոր Զելանտայէն:

Ընկերվար Երիտասարդներու միջազգային միութեան անդամները Երեւանի մէջ 29 Սեպտեմբերին հանդիպում ունեցան  ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեանի հետ:

Իսկ 30 Սեպտեմբերին, Ստեփա-նակերտի մէջ Ընկերվար Երիտասարդներու միջազգային միութեան անդամները Արցախի խորհրդարանի նիստերու մեծ դահլիճին մէջ հանդիպում ունեցած են Արցախի Ազգային ժողովի <<Դաշնակցութիւն>> խմբակցութեան անդամներուն հետ:

Ողջունելով երիտասարդները՝ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Սարգսեան խօսեցաւ խորհրդարանին մէջ ներկայացուած ընկերվարական խմբակցութեան պետականաշինութեան, խորհրդարանական գործունէութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան բնագաւառներուն մէջ Դաշնակցութեան ունեցած դերին մասին: Արմէն Սարգսեան ներկայացուց արցախեան հիմնահարցը՝ շեշտելով, որ ոչ թէ տարածքները կորոշեն ժողովուրդի ճակատագիրը, այլ ինքնորոշումէն կը բխի տարածքային հարցը:

Արմէն Սարգսեան եւ խմբակցութեան անդամ Դաւիթ Իշխանեան, պատասխանելով երիտասարդներուն հարցումներուն, անդրադարձան Արցախի խորհրդարանի կառուցուածքին, կին եւ տղամարդ պատգամաւորներու համամասնութեան, խորհրդարանին մէջ երիտասարդներու ընդգրկուածութեան, ներկայիս քննարկուող օրենսդրական նախագիծերուն, ինչպէս նաեւ իշխանութիւն եւ ընդդիմութիւն ներկայացնող խմբակցութիւններու համագործակցութեան:

Ամփոփելով հանդիպումը՝ Արմէն Սարգսեան յոյս յայտնեց, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ Ընկերվար Երիտասարդներու միջազգային միութեան կապը այսուհետեւ աւելի կ՛ամրանայ:

Նոյն օրը, Պետական համալսարանի դահլիճին մէջ երիտասարդ ընկերվարականները հանդիպում մը ունեցան  նաեւ Արցախի մէջ գործող շարք մը հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու հետ:

Կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները ներկայացուցին իրենց գործունէութիւնը Արցախի մէջ եւ պատասխանեցին երիտասարդներու հարցումներուն: Երիտասարդ ընկերվարներուն կը հետաքրքրէին չճանաչուած երկրի մը մէջ երիտասարդներու իրաւունքներու պաշտպանութեան, պատերազմի հետեւանքով փախստականի կարգավիճակ ստացածներու եւ ատրպէյճանցի երիտասարդներու հետ համագործակցութեան կարելիութեան հարցերը:

Երիտասարդները 30 Սեպտեմբերին հանդիպում ունեցան Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ զբօսաշրջութեան փոխնախարար Գայիանէ Գրիգորեանի հետ, որ ներկայացուց երիտասարդական ոլորտին մէջ տարուող պետական քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւնները, Արցախի մէջ ապրող երիտասարդներու հիմնական հարցերը, որոնք, ըստ փոխնախարարին, էականօրէն չեն տարբերիր այլ տարածաշրջաններու երիտասարդներու հարցերէն:

Ընկերվար երիտասարդ գործիչները հետաքրքուեցան Արցախի երիտասարդութեան զբաղուածութեան, ոլորտի ֆինանսաւորման, զինուորական ծառայութեան, սահմանամերձ շրջաններու բնակիչներու ուսման իրաւունքներուն վերաբերող հարցերով:

Երիտասարդները այցելեցին նաեւ <<Հալօ Թրասթ>> (Halo Trust) ականազերծման միջազգային կազմակերպութեան արցախեան գրասենեակ,

Լիբանանի <<Զարգացած երիտասարդութիւն>> կազմակերպութեան ընդհանուր համակարգող Լամա Ալ Արիտի Արցախի հարցը կը նմանցնէ միջինարեւելեան շատ մը խնդիրներու, որոնց պարագային մեծ պետութիւններուն կողմէ փոքրերուն իշխելու եւ իրենց ենթարկելու ընդհանուր միտումը կայ:

<<Հարցը նաեւ այս շրջանի ջրային պաշարներու հետ կապուած է, եւ անոր համար Ատրպէյճան Արցախը կը ցանկայ իր կազմին մէջ տեսնել>>, կը կարծէ Լամա Ալ Արիտին, որ մինչեւ իր այցելութիւնը կը մտածէր, որ <<վտանգաւոր պատերազմական մթնոլորտ պիտի ըլլայ, բայց այստեղ ամէն ինչ խաղաղ է ու հանգիստ>>:

Կիպրոսի <<Էտեքս>> ընկերվարական կուսակցութեան արտաքին յարաբերութիւններու քարտուղար Կիորկոս Իրոտոթու յայտնեց, որ մինչեւ Արցախ այցելելը քիչ մը կասկածամտօրէն կը վերաբերէր այստեղի իրավիճակին հանդէպ, բայց տեսնելէն ետք հասկցաւ, որ <<ծաղկման ժամանակաշրջանի մէջ կը գտնուի Արցախը եւ բաւական զարգացած է>>:

Նոյն օրը՝ 30 Սեպտեմբերին, երիտասարդները հանդիպում ունեցան Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի հետ:

Նախարարը ողջունեց երիտասարդներուն այցելութիւնը Արցախ։ Ան գոհունակութիւն յայտնեց, որ երիտասարդները հետաքրքրուած են Արցախի մէջ տեղի ունեցող գործընթացներով եւ յոյս յայտնեց, որ այցելութեան ընթացքին անոնք կը ստանան օգտաշատ տեղեկութիւններ: Նախարարը ներկայացուց  Արցախի հարցին էութիւնը, կարեւոր նկատելով Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը:

<<Մենք այսօր ունինք կայացած պետական հիմնարկներ, որոնք ի վիճակի են ապահովելու ժողովուրդին զարգացումը անվտանգութեան պայմաններու լոյսին տակ>>, յայտնեց Մասիս Մայիլեան եւ աւելցուց, որ Արցախը կողմնակից է բոլոր վէճերը բանակցութեանց սեղանին շուրջ, խաղաղ միջոցներով լուծելու տարբերակին:

Այնուհետեւ Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարը պատասխանեց երիտասարդ քաղաքական գործիչներու հարցումներուն, որոնք կ՛առնչուէին Արցախի տնտեսական, քաղաքական եւ կրթական զարգացումներուն:

Իսկ 1 Հոկտեմբերին՝  երիտասարդ ընկերվարականները հանդիպեցին Ստեփանակերտի <<Թումօ>> ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոն:

Ընկերվար Երիտասարդներու միջազգային միութեան ներկայացուցիչները իրենց Արցախ այցելութիւնը աւարտեցին շրջագայելով երկրի տեսարժան վայրերը։

 

comments