By Asbarez | Tuesday, 03 October 2017
ՊԱՐՍԵԼՈՆԱ, <<Ռոյթըրզ>> - Սպանիոյ ինքնավար շրջաններէն Քաթալոնիոյ մէջ կազմակերպուած հանրաքուէն իրականացաւ Հոկտեմբեր 1ին, հակառակ Սպանիոյ փորձերուն, որոնք բազմաթիւ վայրերու մէջ ֆիզիքական բախումներու առաջնորդեցին՝ ապահովական մարմիններուն եւ քուէարկել փորձող քաղաքացիներուն միջեւ։ Աւելի քան 800 հոգի վիրաւորուեցաւ այդ բախումներուն իբրեւ հետեւանք։
Հանրաքուէին մասնակցած քաթալոնիացիներուն մօտաւորապէս 90 տոկոսը անկախութեան ի նպաստ քուէարկած է. ինքնավար մարզին ղեկավարութիւնը Երկուշաբթի օր յայտարարեց, թէ յառաջիկայ երկու օրերուն անկախութիւն պիտի հռչակէ եւ պիտի փորձէ Եւրոմիութեան անդամ դառնալ՝ իբրեւ անկախ պետութիւն, միաժամանակ կոչ ընելով եւրոպական պետութեանց, որ այս նպատակով աջակցութիւն ցուցաբերեն Քաթալոնիոյ։
Յայտնենք, թէ Սպանիոյ բանեցուցած ճնշումներուն եւ սպառնալիքներուն իբրեւ հետեւանք, քուէարկութեան մասնակցած է քուէարկելու իրաւունք ունեցող քաղաքացիներուն 42 տոկոսը միայն։
Պրիւքսէլ Հոկտեմբեր 2ին յայտարարեց, թէ ըստ Սպանիոյ օրէնքներուն՝ հանրաքուէն օրինական չէր, սակայն կոչ ըրաւ Սպանիոյ եւ Քաթալոնիոյ իշխանութեանց, որ երկխօսութեան ճամբով լուծեն իրենց տարակարծութիւնները։
Յիշեցնենք, որ Սպանիոյ Գերագոյն ատեանը հակասահմանադրական նկատած էր հանրաքուէին կայացումը։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ