Առնուազն 58 զոհ՝ Լաս Վեկասի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական արարքին

By Asbarez | Tuesday, 03 October 2017

1003vegas

ԼԱՍ ՎԵԿԱՍ, <<Սի.Էն.Էն.>> - Հոկտեմբեր 1ի գիշերը, Լաս Վեկասի մէջ տեղի ունեցաւ ահաբեկչական յարձակում մը, որուն ընթացքին սպաննուեցաւ առնուազն 58 հոգի եւ վիրաւորուեցան աւելի քան 500 ուրիշներ։

Արդարեւ, 64ամեայ Սթեֆան Փետաք, <<Mandalay Bay>> պանդոկի 32րդ յարկէն, արագահարուած գնդացիրներով կրակ բացած է <<Route 91>> երաժշտական փառատօնի մասնակիցներուն վրայ՝ գործածելով աւելի քան 10 զէնքեր։

Ոստիկանութիւնը ոճրագործին դիակը գտած է պանդոկի իր սենեակին մէջ։ Կը կարծուի, որ ան անձնասպանութեան դիմած է այս ահաւոր ոճիրէն ետք։ Փետաք Լաս Վեկասէն մօտաւորապէս 80 մղոն հեռու գտնուող Միսքիթ (Նեւատա) քաղաքէն էր։

Բացօթեայ համերգին ներկայ էր մօտաւորապէս 20,000 հոգի։

<<Էֆ.Պի.Այ.>>ի տուեալներով՝ ոճրագործը կապեր չէ ունեցած միջազգային ահաբեկչական կազմակերպութիւններու հետ, մինչ <<Իսլամական պետութեան>> մօտիկ կայք մը պնդած է, թէ յարձակումը կատարուած է՝ <<խալիֆայութեան զինուորներէն մէկուն կողմէ>>։

<<Ասպարէզ>> Հոկտեմբեր 2ին կապ հաստատեց Լաս Վեկասի մօտ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Ատրուշան Արմէնեանի հետ, որ հաղորդեց, թէ ոստիկանութիւնը ցարդ յարձակումին ընթացքին սպաննուած կամ վիրաւորուած հայերու անուն չէ հրապարակած։

 



comments