By Asbarez | Wednesday, 04 October 2017
ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - Հիւսիսային Իրաքի մէջ կայացած անկախութեան հանրաքուէին մասին հարցումներու պատասխանելով՝ Քրտական ինքնավար մարզի նախագահ Մասուտ Պարզանի ըսած է, թէ հանրաքուէին արդիւնքը ցոյց տուաւ, որ շրջանի քիւրտերը՝ ջախջախիչ մեծամասնութեամբ կողմնակից են հիւսիսային Իրաքի մէջ անկախ Քիւրտիստան մը հիմնելու գաղափարին։
Ֆրանսացի հրեայ նշանաւոր մտաւորական Պերնար Հանրի Լեւիի հետ կատարուած զրոյցին ընթացքին, Պարզանի հանրաքուէին մասին իր գոհունակութիւնը յայտնած է՝ աւելցնելով. <<Հիմա այլեւս կրնամ մեռնիլ>>։
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ մերժած է Միացեալ Նահանգներու կողմէ հանրաքուէին կապակցութեամբ առաջարկուած այլընտրանքային լուծումը՝ Պարզանի ըսած է. <<Եթէ ընդունէի, չէի կրնար նայիլ զիս ընտրած ժողովուրդիս աչքերուն մէջ։ Կը խօսիմ՝ քրտական դատին համար իրենց կեանքը տուած հազարաւորները յիշելով։ Այս քուէարկութիւնը անկախութեան միակողմանի հռչակումին հետ կապ չունէր, այլ կապ ունէր Պաղտատի կեդրոնական վարչութեան հետ անհրաժեշտ չափով երկարատեւ ու պարկեշտ բանակցութիւն հաստատելուն հետ։ Երբ մեր դրացիները սպառնալիքներով պատասխանեցին մեզի, այն ատեն հասկցանք, որ մեր ապագային մասին որոշում տալը մե՛ր իրաւունքն է։ Մինչեւ հիմա շատ քաշեցինք>>։
Պարզանի ըսած է նաեւ, թէ չէ մոռցած, որ մինչեւ վերջերս յարգանք գտած էր ու պատիւներով դիմաւորուած էր Թուրքիոյ մէջ, եւ որ նախագահ Էրտողան անոր հետ երկխօսութեան ճամբայ բացած էր։ Հիմա, սակայն, ան ոչ միայն Անգարայի մօտ իր ամբողջ վարկը կորսնցուցած է, այլեւ նշաւակ դարձած է թշնամանքի։
Նշենք, որ հանրաքուէին ստեղծած լարուած վիճակը մօտ օրէն հաւանաբար կը մեղմանայ, բայց Թուրքիոյ քաղաքական կեանքէն ներս իշխող եւ ընդդիմադիր կուսակցութիւններուն միջեւ տագնապը նոյն ճակատագիրը պիտի չունենայ։ Արդարեւ, հակադարձելով նախագահ Էրտողանի կողմէ կատարուած այն յայտարարութեան, թէ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան երեսփոխաններուն տեղը Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան հիւսիսային Իրաքի ճամբարներն են՝ կուսակցութեան Իզմիրի երեսփոխան Էրթուղրուլ Քիւրքճիւ ըսած է. <<Էտիրնէի բանտին դրան քովն եմ հիմա։ Դուն շատ լաւ գիտես, որ առաջին արդար ընտրութենէն ետք՝ քո՛ւ տեղդ ալ հոս պիտի ըլլայ>>։
Նշենք, որ Էտիրնէի բանտին մէջ բանտարկուած կը մնայ կուսակցապետ Սալահետտին Տեմիրթաշը, իսկ Էրտողան իր քննադատութիւնը կատարած էր, երբ քրտամէտ կուսակցութեան երեսփոխանները մերժած էին մասնակցիլ խորհրդարանի նոր շրջանի բացման նիստին։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ