By Asbarez | Wednesday, 04 October 2017
ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան երեսփոխաններէն Կարօ Փայլան նոր դիմում մը կատարեց խորհրդարանի նախագահութեան՝ յստակացում պահանջելով Պոլսոյ Պալմումճու շրջանի կամուրջներէն մէկուն վրայ կախուած պաստառի մը վրայ՝ Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի նախագահ Մասուտ Պարզանիի դէմ յայտնուած սպառնալիքին մասին։
Նշեալ պաստառին վրայ գրուած է հետեւեալը. <<Հրեայ ծագումով Պարզանի, մենք շատ լաւ գիտենք, թէ ո՛վ ես դուն եւ ի՛նչ է ցանկութիւնդ։ Քու ցանկութիւնը անկախ Քիւրտիստան մը չէ, այլ մեծն Իսրայէլ մըն է։ Մենք գիշեր մը յանկարծ կրնանք գալ>>։
Փայլան դիտել տուաւ, որ պաստառը նաեւ հրեաներու դէմ արարք է։ Ան յիշեցուց, որ այս տարուան Յուլիս 20ին, թուրք ազգայնամոլներ ցոյց մը կատարած էին սինակոկի մը առջեւ, ապա յարձակած էին անոր վրայ։
<<Թուրքիոյ հրեաները շարունակ յարձակումներու նշաւակ կը դառնան>>, ըսաւ Փայլան եւ յիշեցուց, որ իր նախորդ դիմումներուն ցարդ որեւէ պատասխան չէ ստացած։
Փայլան իր հարցագիրը աւարտած է հարցնելով, թէ ցարդ ստուգուա՞ծ է արդեօք հրեաներու դէմ ցոյց կատարողներուն ինքնութիւնը, կամ՝ որեւէ գործողութիւն կատարուա՞ծ է այդ գծով։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ