Մինսկի Խումբի Ամերիկացի համանախագահը կը հանդիպի Արցախի նախագահին հետ

By Asbarez | Friday, 06 October 2017

1005pako

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, <<Առաւօտ>> - Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան Չորեքշաբթի, 4 Հոկտեմբերին, Ստեփանակերտի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց ճանաչողական այցով տարածաշրջանը գտնուող ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկացի նորանշանակ համանախագահ Էնտրու Շոֆըրը եւ անոր հետ քննարկեց սահմաններուն վրայ տիրող իրավիճակը:

Նախագահ Սահակեան շնորհաւորեց համանախագահը իր նոր պաշտօնին նշանակուելուն առիթով եւ անոր մաղթեց արդիւնաւէտ աշխատանք:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան, սահմաններուն վրայ տիրող իրավիճակին, տարածաշրջանային գործընթացներուն վերաբերող հարցեր: Երկու կողմերը ընդգծեցին Մինսկի խումբի ծիրին մէջ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման եւ այս ուղղութեամբ հետեւողական աշխատանքներու իրականացման անհրաժեշտութիւնը:

1005generallevon

Նոյն օրը, Էնտրու Շոֆըր Ստեփանակերտի մէջ հանդիպեցաւ նաեւ Արցախի պաշտպանութեան նախարար, Պաշտպանութեան բանակի  հրամանատար, զօրավար Լեւոն Մնացականեանի հետ: Հանդիպման ընթացքին Արցախի Հանրապետութեան ռազմական գերատեսչութեան ղեկավարը անդրադարձաւ արցախ -ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծի երկայնքին տիրող իրադրութեան ու անկէ բխող զարգացումներուն:

Հանդիպման ներկայ եղաւ նաեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահի օգնական Ալամանտա Կրիփի:


comments