Իրանի հետ համաձայնութեան պահպանումը Միացեալ Նահանգներու շահերէն կը բխի. Մեթիս

By Asbarez | Friday, 06 October 2017

1006Mattis

ԵՐԵՒԱՆ - Նախագահ Սերժ Սարգսեան Հինգշաբթի, 5 Հոկտեմբերին, իր գրասենեակին մէջ ընդունեց ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկացի նորանշանակ համանախագահ Էնտրու Շոֆըրը:

Հանդիպման ընթացքին նախագահը յոյս յայտնեց, որ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրներու միջնորդական ջանքերը՝ հիմնահարցը բացառապէս խաղաղ ճանապարհով եւ միջազգային իրաւունքի չափանիշներուն ու սկզբունքներուն համապատասխան լուծելու ուղղութեամբ, յաջողութեամբ կը շարունակուին: Ան շեշտեց, որ Հայաստան Մինսկի խումբի համանախագահներուն հետ պատրաստակամ է շարունակել այդ նպատակով ջանքերը:

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, <<Նիւ Եորք Թայմզ>>.- Ծերակոյտի Զինեալ սպասարկութեանց յանձնախումբին առջեւ իր վկայութեան ընթացքին, Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Ճէյմզ Մեթիս, հակադրուելով նախագահ Տանըլտ Թրամփին՝ յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներու շահերէն կը բխի Իրանի հետ ստորագրուած հիւլէական ծրագիրին շուրջ միջազգային համաձայնութեան պահպանումը։ Ան նաեւ յայտնեց, թէ Թրամփ պէտք է լաւապէս քննարկէ համաձայնագիրը չխզելու կարելիութիւնը:

Յայտնենք, որ Թրամփ Իրանի հետ այդ համաձայնութիւնը կոչած էր Ուաշինկթընի կողմէ ստորագրուած ամենավատ համաձայնագիրը։

Նախագահը վերջերս հակադրուած էր նաեւ ի՛ր իսկ կողմէ նշանակուած այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարի մը հետ, երբ <<ժամանակի կորուստ>> որակած էր Հիւսիսային Քորէայի հետ տագնապին դիւանագիտական լուծումը մը գտնելու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսընի ջանքերը։

 



comments