Դերասան Ճան Մալքովիչ այցելեց Ծիծեռնակաբերդ

By Asbarez | Wednesday, 11 October 2017

about 1 hour ago

1011malkovich

ԵՐԵՒԱՆ - Հոլիվուտեան յայտնի դերասան Ճան Մալքովիչ Երեւան կը գտնուի: Երեքշաբթի, 10 Հոկտեմբերին ան այցելեց Ծիծեռնակաբերդ՝ իր յարգանքի տուրքը մատուցելու Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:

Նոյն օրը, դերասանը ընդունեց նախագահ Սերժ Սարգսեան: Նախագահը, ողջունելով հիւրը Հայաստանի մէջ՝ յայտնեց, որ մեծագոյն հաճոյք է տաղանդաշատ արուեստագէտը հիւրընկալել երկրի մը մէջ, ուր շատ բարձր կը գնահատեն արուեստի ուժը. երկիր մը, որուն ժողովուրդը դարերու ընթացքին կրցած է ստեղծել մեծ մշակութային ժառանգութիւն եւ ուրոյն ներդրում ունենալ համաշխարհային քաղաքակրթութեան զարգացման գործին մէջ:

1011malkovichserj

Ճան Մալքովիչ շնորհակալութիւն յայտնեց այն աջակցութեան ու ուշադրութեան համար, զոր նախագահը կը յատկացնէ մշակոյթի զարգացման, ներառեալ՝ Հայաստանի պետական երիտասարդական նուագախումբին, որուն հետ համագործակցութեան ծիրին մէջ ժամանած է Հայաստան:

Յայտնի արուեստագէտը նշեց, որ անհամբեր է Երեւանի մէջ ներկայացնելու նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր բեմադրիչ Սերգէյ Սմբատեանի հետ մտայղացած համատեղ ձեռնարկը եւ յոյս յայտնեց, որ անիկա սիրով պիտի ընդունուի հայ հանդիսատեսին կողմէ:

նշենք, որ դերասանը Երեւան ժամանեց մասնակցելու Արամ Խաչատրեանի անուան 5րդ փառատօնի բացման, որ տեղի պիտի ունենայ 11 Հոկտեմբերին:

comments