Իսրայէլցի ծրագրաւորողը հպարտ , որ իր Սոֆթուեր-ը Հայաստանի մէջ ստեղծուած է

By Asbarez | Wednesday, 11 October 2017

about 1 hour ago

1011digitec

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Մենք հպարտութեամբ կ՛ըսենք մեր յաճախորդներուն, որ մեր <<սոֆթուեր>>ը (software) Հայաստանի մէջ ստեղծուած է: Այս մասին <<Նիուզ>>ի թղթակցին յայտնեց DigiTec արհեստագիտութիւններու ցուցահանդէսին մասնակցող <<Բենիվօ>> (Benivo) ընկերութեան տնօրէն Տմիթրի Փրոթսքի: Ընկերութիւնը մեծ ընկերութիւններու human resource managers-ի համար կը ստեղծէ ծրագիրներ, որոնք կ՛օգնեն նոր աշխատակիցներու տեղափոխման:

<<Մենք Լոնտոնի մէջ գրասենեակ ունինք, բայց բոլոր ծրագրաւորողները եւ ձեւաւորողները կ՛աշխատին Հայաստանի մէջ: Որեւէ բան, որ դուք կը տեսնէք մեր կայքերուն վրայ, Հայաստանի մէջ կը կատարուի: Անշուշտ, ոչ բոլոր յաճախորդներուն համար ատիկա կրնայ էական ըլլալ, բայց անոնք, որոնք կը հարցնեն, մենք հպարտութեամբ կ՛ըսենք. <<Այս <<սոֆթուեր>>ը made in Armenia է, ըսաւ Փրոթսքի: Վերջինս կը յայտնէ, որ Հայաստանի ծրագրաւորողներու մակարդակը նուազ չէ, քան Իսրայէլի անոնց գործընկերներունը: Այստեղ կեանքը աւելի աժան է: Այս հանգամանքը կրնայ արտասահմանեան ընկերութիւնները գրաւել: Այսպէս սկսած է Իսրայէլի յաջողութիւնը: 20 տարի առաջ աշխատավարձերը այնտեղ բաւական ցած էին, քան Ամերիկայի մէջ, իսկ լաւ մասնագէտները շատ էին: Հիմա անոնք շատ են, բայց կեանքի արժէքը արդէն մօտ է ամերիկեանին:

 

comments