Մինսկ մտադիր չէ Պաքուի հետ սպառազինական համագործակցութեան համար արդարանալ - Լուքաշենքօ

By Asbarez | Thursday, 12 October 2017

 

1012belarus

Պելոռուսի նախագահ Ալեքանտր Լուքաշենքօ ընդգծած է, որ Ատրպէյճանի հետ իր երկրին յարաբերութիւնները եղբայրական բնոյթ կը կրեն՝ յայտարարելով նոյն ժամանակ, թէ մտադիր չէ արդարանալ Պաքուի հետ սպառազինութեան բնագաւառին մէջ համագործակցութեան համար, հաղորդեց <<Սփութնիք-Պելառուս>> լրատու գործակալութիւնը:

Լուքաշենքօ Մինսկի մէջ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի հետ հանդիպման ընթացքին յայտարարեց. <<Մենք գերիշխան անկախ պետութիւններ ենք, եւ մենք իրաւունք ունինք որոշելու համագործակցութեան այն ուղղութիւնները, որոնք կը համապատասխանեն ժամանակի ոգիին, մեր պետութիւններու պահանջներուն>>:

Ան ընդգծեց Ատրպէյճանի ժողովուրդի անվտանգութեան ապահովման օգնելու պելոռուսեան կողմի պատրաստակամութիւնը: <<Ես լաւ կը յիշեմ, որ դժուար ժամանակներուն ձեր նախագահը միշտ նեցուկ կանգնած է պելոռուսեան պետութեան>>, ըսաւ Լուքաշենքօ:

Զաքիր Հասանով, իր կարգին, բարձր գնահատեց Մինսկի հետ սպառազինման համագործակցութիւնը եւ զինուորական նշանակութեան պելոռուսեան արտադրութեան որակը:

<<Ատիկա գերազանց պելոռուսեան որակ է: Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը կ՛օգտուին պելոռուսեան արտադրութեան սպառազինութենէն, եւ ես ամբողջ պատասխանատուութեամբ կը յայտարարեմ, որ ատիկա բարձրորակ զէնք եւ զինուորական սպառազինութիւն է>>, յայտնեց ան:

Նշենք, որ մամուլի մէջ յայտնուած է լուսանկար մը, ուր Հասանով պատկերուած է <<Պոլոնեզ>> պելառուսեան համազարկային կայանքի կողքին, եւ բացառելի չէ, որ Պաքու հետաքրքրուած է այս համակարգերով:

Այս համակարգերը պելառուսեան Զինուած ուժերու զինանոց մուտք գործած են 2015ին:

Հրթիռներու տրամաչափը 301 միլիմեթր է, հեռահարութիւնը՝ 200 քիլոմեթր:

 



comments

Advertisement