Կարէն Կարապետեան հանդիպում ունեցաւ Լիտիան Ինթըրնաշընըլ-ի նախագահին հետ

By Asbarez | Thursday, 12 October 2017

1012lydianint

ԵՐԵՒԱՆ - Վարչապետ Կարէն Կարապետեան Չորեքշաբթի, 11 Հոկտեմբերին ընդունեց զանազան ընկերութիւններ ներկայացնող միջազգային ներդրողներու խումբը՝ <<Լիտիան Ինթըրնաշընըլ>> ընկերութեան նախագահ եւ գլխաւոր տնօրէն Հաուըրտ Սթիւընսընի գլխաւորութեամբ:

Հանդիպման ընթացքին վարչապետը ընդգծեց Հայաստանի մէջ <<Լիտիան Ինթըրնաշընըլ>>ի կողմէ իրականացուող ներդրումային ծրագիրի կարեւորութիւնը եւ յայտնեց, որ  կառավարութիւնը կանգնած է ներդրողներու կողքին՝ որպէս գործընկեր:

Վարչապետը նոյն ատեն ընդգծեց ընկերութեան կողմէ բնապահպանական ու ընկերային պարտաւորութիւններու կատարման կարեւորութիւնը:

Վարչապետը ներդրողներուն յորդորեց Հայաստանը դիտարկել իբրեւ եւրասիական եւ իրանեան շուկաներ մուտք գործելու լաւ հարթակ՝ նկատի առնելով գոյութիւն ունեցող առեւտրական բարենպաստ պայմանները:

<<Լիտիան Ինթըրնաշընըլ>>ի նախագահը յայտնեց, որ իրենք միշտ կը փորձեն միջազգային ներդրողներուն ներկայացնել, որ Հայաստան կրնայ գործի համար բարենպաստ հարթակ ըլլալ: Ան նաեւ վստահեցուց, որ ըստ սահմանուած ժամանակացոյցի ստանձնած բոլոր պարտաւորութիւնները եւ ընկերային ու բնապահպանական ծրագիրները կեանքի պիտի կոչուին:

 



comments

Advertisement