Պարզանի պատրաստ է Պաղտատի հետ առանց նախապայմանի երկխօսութեան

By Asbarez | Friday, 13 October 2017

1012barzani

ԱՐՊԻԼ, <<Ռուտաու>> - Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի նախագահ Մասուտ Պարզանի յայտարարեց, որ պատրաստ է Պաղտատի հետ երկխօսութեան՝ պայմանով, որ ատիկա ըլլայ <<բաց եւ առանց նախապայմաններու>>:

Պարզանի Իրաքի մօտ Եւրոմիութեան դեսպան Ռամոն Պլեքուայի հետ հանդիպումին ընթացքին ողջունեց Արպիլի եւ Պաղտատի միջեւ տագնապը լուծելու միջազգային նախաձեռնութիւնները եւ դեսպանին հետ քննարկեց Սեպտեմբեր 25ին քրտական մարզին մէջ տեղի ունեցած անկախութեան հանրաքուէն ու անոր առթիւ հակազդեցութիւնները:

Միւս կողմէ, Իրաքի խորհրդարանի նախագահ Սալիմ Ճապուրի յայտնեց, որ Իրաքի միասնականութիւնը բանակցելի չէ, եւ որ Քրտական մարզին հետ տագնապը պէտք է լուծել՝ հիմնուելով Իրաքի սահմանադրութեան վրայ: Ան նշեց, որ Արպիլ կատարած իր այցելութիւնը կարեւոր էր եւ ցոյց կու տար սահմանադրութեան հիմքով լուծումի մը գոյութիւնը:

Նշենք, որ Իրաքի կեդրոնական իշխանութիւնները կը մերժեն Քրտական մարզին հետ երկխօսութիւն կատարել՝ նախքան անկախութեան հանրաքուէի արդիւնքին ջնջումը: Քրտական կողմը կը մերժէ այդ նախապայմանը:

 



comments

Advertisement