Միացեալ Նահանգներ պիտի հեռանայ ''Հակաիսրայէլ'' ԵՈՒՆԵՍՔՕէն

By Asbarez | Friday, 13 October 2017

1213unesco

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, <<Պի.Պի.Սի.>> - Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը Հոկտեմբեր 12ին հաղորդեց, թէ պիտի հեռանայ ՄԱԿի Կրթական, գիտական եւ մշակութային կազմակերպութենէն՝ ԵՈՒՆԵՍՔՕէն, քննադատելով անոր <<հակաիսրայէլեան>> կեցուածքները։

Որոշումը ի զօրու պիտի դառնայ 2018ի Դեկտեմբերի վերջաւորութեան։

ԵՈՒՆԵՍՔՕի ընդհանուր քարտուղար Իրինա Պոքովա <<խոր ցաւ>> յայտնեց Ուաշինկթընի այս որոշումին համար, միաժամանակ շեշտելով, թէ կառոյցը պէտք չէ քաղաքական նպատակներու համար շահագործուի։

Նշենք, որ Ուաշինկթըն արդէն իսկ 2011էն ի վեր կրճատած է ԵՈՒՆԵՍՔՕին տրամադրուող իր նիւթական հատուցումները, իբրեւ հակադարձութիւն Պաղեստինը իբրեւ անդամ ընդունելու անոր որոշումին: Ամերիկա կը տրամադրէր ԵՈՒՆԵՍՔՕի ամավարկին մօտաւորապէս 22 տոկոսին համապատասխան գումար մը։

 



comments

Advertisement