By Asbarez | Friday, 13 October 2017
ԵՐԵՒԱՆ, <<Արեւելք>> - Հալէպի մէջ վերսկսած է գործելու աշխարհի պատմական ամենամեծ փակ շուկային՝ Մատինային մէկ մասը։ Առայժմ, 20 կրպակ վերաբացուած է, սակայն պատմական շուկային ամբողջական վերականգնումը հաւանաբար 10 տարի տեւէ։
Հալէպի մէջ կառավարական զօրքերու եւ ահաբեկչական խումբերու ճակատումը տեւեց աւելի քան չորս տարի։ Ահաբեկիչները 2012ին գրոհեցին քաղաքը, որ կը նկատուէր Սուրիոյ տնտեսական մայրաքաղաքը, սակայն յաջողեցան գրաւել անոր միայն 40 առ հարիւրը։ Ռազմաճակատը կը գտնուէր Մատինային, ուր հաստատուած էին ահաբեկիչները, եւ քաղաքի մէկ այլ տեսարժան վայրի մը՝ Հին քաղաքի միջնաբերդին միջեւ, զոր կը վերահսկէին կառավարական զօրքերը։
ԵՈՒՆԵՍՔՕի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մաս կազմող Մատինային ընդհանուր երկայնքը մօտաւորապէս 13 քլմ. է, իսկ անոր շուկաներուն մէկ մասը կը գործէր 14րդ դարէն ի վեր։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ