USAID-ն եղած է եւ կը մնայ Հայաստանի յուսալի գործընկերը. Կարէն Կարապետեան

By Asbarez | Friday, 13 October 2017

1013varchabed

ԵՐԵՒԱՆ.- USAID-ն եղած է եւ կը մնայ Հայաստանի յուսալի գործընկերը, յայտնած է Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան 12 Հոկտեմբերին, Հայաստանի միջազգային զարգացման ամերիկեան գործակալութեան աշխատանքի 25ամեակին նուիրուած երեկոյի ընթացքին:

Հայաստանի կառավարութիւնը երախտապարտ է Միացեալ Նահանգներուն վերջին 25 տարիներուն ցուցաբերած մեծ օգնութեան համար, ըսած է վարչապետը:

1992էն ի վեր ամերիկեան կազմակերպութիւնը Հայաստանի մէջ իրականացուցած է ժամանակի պահանջներէն մեկնած ծրագիրներ: 1990ական թուականներուն աջակցած է տնտեսութեան շուկայական վերափոխման, ապա մասնաւոր հատուածի զարգացման նախաձեռնութեանց եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանումին:

<<Դրանք նաեւ նախագծեր էին՝ ուղղուած երկրաշարժի հետեւանքների վերացմանն ու հումանիտար (մարդասիրական-Խմբ.) էին իրենց բնոյթով: 90ակաների վերջին մենք զարկ տուեցինք համագործակցութեան նոր ձեւաչափին: Շեշտադրումները դրեցինք շուկայական տնտեսութեան, մասնաւոր հատուածի ամրապնդման, մակրոտնտեսական բարեփոխումների վրայ՝ խթանելով ներդրումային միջավայրը եւ հիմքեր դնելով կայուն զարգացման համար>>, յայտնած է  վարչապետը՝ աւելցնելով. <<ԱՄՆն հանդիսանում է Հայաստանի կարեւոր գործընկերներից մէկը: Մենք համագործակցել ենք բազմաթիւ ոլորտներում, բայց վստահ եմ, որ ունենք համագործակցութեան էլ աւելի մեծ պոտենցիալ (կարողութիւն-Խմբ.), որը պէտք է զարգացնենք եւ իրականացնենք: Մենք նախաձեռնել ենք բարեփոխումներ մեր երկրի բոլոր հատուածներում՝ երկրի համար ապահովելու կայուն երկարաժամկէտ աճ եւ Հայաստանը փոփոխուող աշխարհում մրցունակ դարձնելու համար: Մեզ անհրաժեշտ է արդիւնաբերական կրկնակի բարձրացում բոլոր ոլորտներում, ինչպէս նաեւ մտածելակերպի եւ գործելակերպի փոփոխութիւն>>:

Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլզ խօսք առնելով՝ յայտնած է. <<Տակաւին 1992ին արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ ես այն պաշտօնեան էի, որ Հայաստանի հետ կապ ունեցող հարցերով կը զբաղէր եւ առաջին պաշտօնեան էի, որ կը հետեւէր հայաստանեան զարգացումներուն՝ ամէնօրեայ դրութեամբ: Իբրեւ օտարերկրացի՝ ես աւելի յստակ կը տեսնեմ այն փաստերը եւ յառաջընթացը, որոնք կատարուած են այս 25 տարիներուն ընթացքին: Այս հարցին մէջ մեծ ներդրում ունեցած է Միացեալ նահանգներու ՄԶԳն (USAID)>>:

Դեսպանը ընդգծած է, որ այս տարիներուն ընթացքին ՄԶԳի աշխատանքի ուշադրութեան կեդրոնին եղած են նաեւ կաշառակերութեան դէմ քայլերը:

<<Ուրախ եմ, որ կառավարութիւնը կաշառակերութեան դէմ պայքարը գերակայ հարց հռչակած է եւ այդ ուղղութեամբ քայլեր կ՛ իրականացուին>>, յատնած է ան:

<<Մեծ ուրախութեամբ կ՛ուզեմ ըսել, որ յաջորդ տարուան համար Հայաստանին տրուող գումարը պիտի մեծանայ, բայց պէտք է նաեւ գիտակցել, որ ՄԶԳը միշտ Հայաստանի մէջ ներկայ պիտի չըլլայ, նպատակը եղած է օգնել ձեւաւորելու մեքենակառոյցներ, որոնք թոյլ կու տան, որ Հայաստան ինք զբաղի զանազան հարցերով>>, ըսաւ դեսպանը:

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութիւնը այս տարի 17 միլիոն տոլար պիտի յատկացնէ Հայաստանին:

 



comments

Advertisement