Իրան փակած է Իրաքի հետ սահմանը

By Asbarez | Tuesday, 17 October 2017

1017iran-iraq-border

ԹԵՀՐԱՆ, <<Ռոյթըրզ>> - Իրանի իշխանութիւնները, իբրեւ պատասխան Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզին մէջ տեղի ունեցած անկախութեան հանրաքուէին՝ փակած են հիւսիսային Իրաքի հետ սահմանը:

<<Նկատի առնելով Իրաքի հիւսիսը տեղի ունեցող զարգացումները՝ Իրան փակած է Պաշմաղ սահմանային դարպասը>>, հաղորդած է իրանեան <<Թասնիմ>> կայքը:

Յիշեցնենք, որ Սեպտեմբեր 25ին, Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզին մէջ տեղի ունեցած անկախութեան հանրաքուէին մասնակցած քաղաքացիներուն 93 առ հարիւրը <<Այո՛>> քուէարկած էր անկախութեան: Իրաքի կառավարութիւնը, սակայն, հանրաքուէն հակասահմանադրական նկատած էր: Իրաքի իշխանութիւնները նաեւ յայտարարած էին, որ հանրաքուէի արդիւնքին վերաբերեալ բանակցութիւններ պիտի չկատարեն Քրտական մարզի կառավարութեան հետ:

Հանրաքուէի կայացման դէմ արտայայտուեցան նաեւ Թուրքիա, Իրան, Միացեալ Նահանգներ եւ ՄԱԿը:

 



comments

Advertisement