Մոկատիշուի յարձակումին զոհերու թիւը կ՛անցնի 320ը

By Asbarez | Tuesday, 17 October 2017

1017somalia

ՄՈԿԱՏԻՇՈՒ, <<Ռոյթըրզ>> - Սոմալիոյ մայրաքաղաք Մոկատիշուի մէջ Շաբաթ, Հոկտեմբեր 14ին տեղի ունեցած ահաբեկչական երկու պայթումներու զոհերուն թիւը անցաւ 320ը, երբ քանի մը վիրաւորներ մահացան Երկուշաբթի օր։ Նոյն պայթումներուն իբրեւ հետեւանք վիրաւորուած էին աւելի քան 200 ուրիշներ:

Մոկատիշուի հարաւային շրջանին մէջ նախ ականուած ինքնաշարժ մը պայթած էր, ապա առատ հրացանաձգութիւն արձանագրուած եւ մայրաքաղաքի այլ շրջանի մը մէջ առնուազն այլ պայթում մը արձանագրուած էր:

Առաջին պայթումին թիրախը կառավարական գրասենեակներու, պանդոկներու եւ ճաշարաններու մօտ գտնուող խճողուած թաղ մըն էր:

Միջազգային դատապարտումի արժանացած այս յարձակումին պատասխանատու կը նկատուի իսլամ ծայրայեղականներու <<Շապապ>> կազմակերպութիւնը։

 

comments

Advertisement