Իրաքեան ուժերը իրենց հակակշիռին տակ առին Քերքուքը

By Asbarez | Tuesday, 17 October 2017

1017kirkuk

ՊԱՂՏԱՏ, <<Պի.Պի.Սի.>> - Անակնկալ զարգացումով մը, Իրաքի կեդրոնական կառավարութեան հաւատարիմ ուժերը Հոկտեմբեր 16ին, առանց զինեալ ընդհարումներու իրենց հակակշիռին տակ առին հիւսիսային Իրաքի Քերքուք քաղաքը, ուր հաստատուած քիւրտ զինեալները, առանց ընդ-դիմութիւն ցուցաբերելու՝ ապաս- տանեցան Քիւրտիստրանի ինքնավար մարզ։

Նշենք, որ խառն բնակչութիւն ունեցող Քերքուքը Քրտական մարզին պաշտօնական սահմաններէն դուրս է, սակայն անոր բնակչութիւնը եւս մասնակցած էր անկախութեան հանրաքուէին։

Քրտական ուժերը շաբաթավերջին սպառնացած էին տեղի չտալ Քերքուքէն հեռանալու Պաղտատի պահանջին՝ խոստանալով Քերքուքը <<ամէն գնով պաշտպանել>>:

Զինեալներուն հետ միասին քաղաքէն հեռանալու սկսած են նաեւ հազարաւոր քիւրտեր։ Նահանջէն առաջ, Քերքուքի քիւրտ զինեալներուն եւ Իրաքի բանակին կողքին յառաջացող շիի զինեալներուն միջեւ կարճատեւ բախումներ արձանագրուած են:

Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի ողջունած է Քերքուքի գործողութեան յաջողութիւնը՝ աւելցնելով, որ այս քայլը հարկաւորէ էր Իրաքի մասնատումը կասեցնելու համար։

 



comments

Advertisement